Մայիսի վերջերն էր. հանդարտ էր Փարիզի Հայ Ուսանողներուն Տունը. դպրոցական տարեշրջանի ամավերջին քննութիւնները սկսած էին արդէն: Կէսօրէ ետք մը առանձնացած էի սենեակս եւ կ’աշխատէի, երբ յանկարծ դուռս զարնուեցաւ. բացի դուռը եւ դիմացս կանգնած տեսայ քսանի տարեկանի մօտ գեղեցիկ աղջիկ մը, բարձրահասակ, նիհարակազմ, սեւ մազերով եւ կապոյտ աչքերով:
Որոշ շեշտ մը պարունակող ֆրանսերէնով ըսաւ
— Դուք Վարուժան Տէմիրճեա՞նն էք
— Այո’ պատասխանեցի, ապա հարցուց
— Կրնա՞մ ներս մտնել,
— Հրամեցէ՝ք, – ըսի:
Մտաւ սենեակ, գոցեց դուռը եւ եկաւ նստաւ գրասեղանին քովի աթոռին վրայ եւ ձեռքի բաւական
մեծ պայուսակը զետեղեց սեղանին վրայ: Ես ալ նստայ դիմացը, քիչ մը զարմացած. անհամբեր էի գիտնալու թէ ո’վ է այս օրիորդը եւ ինչ՞ու եկած է : Սպասումս երկար չտեւեց. անմիջապէս ըսաւ
— Անունս Սեդա Պըրպեք է, ես Շուէտացի եմ. մայրս հայ է. այս տարի Սորպոն արձանագրուած եմ ու կը հետեւիմ Կեդրոնական Ամերիկայի Մայաններու հին քաղաքակրթութեան ուսումնասիրութեան: Ամառը, երկու ամիսէն, Սթոքհոլմ պիտի վերադառնամ եւ կը փափաքիմ մօրս նուէր մը տանիլ, կ’ուզէի որ այդ նուէրը ըլլայ հայերէն սորվիլ, որպէսզի կարենամ հետը հայերէն խօսիլ: Վստահ եմ մայրս պիտի զարմանայ եւ չափազանց պիտի ուրախանայ երբ տեսնէ, որ ես հետը հայերէն կը խօսիմ:
— Սքանչելի գաղափար է եւ մեծապէս քաջալերելի. – ըսի:
Ան անմիջապէս աւելցուց
— Դուք պիտի դասաւանդէք ինծի հայերէն:
Յանկարծակիի եկած եւ զարմացած՝ ըսի
— Ե՞ս. ես երբեք հայերէն չեմ դասաւանդած:
— Հարց չէ. ինծի ըսին որ դուք միակն էք այս շէնքին մէջ, որ կրնաք հայերէն դասաւանդել:
— Կը զարմանամ,- ըսի եւ աւելցուցի,- գիտէք հիմա քննութիւններու շրջան է եւ ես շատ զբաղած պիտի ըլլամ:
— Շաբաթը երկու կամ երեք անգամ ժամ մը տեւող զբաղում մը չեմ կարծեր, որ ձեր աշխատանքներուն դժուարութիւն պատճառէ:
Դժռւար էր այլեւս մերժել հայերէն սորվելու զօրաւոր փափաք ունեցող այս կէս հայ, վճռակամ եւ սիրուն աղջկան, բան մը որ հազուադէպ էր: Հաւանութիւնս յայտնեցի եւ ապա ըսի.
— Եր՞բ կրնանք սկսիլ:
— Բան մը եւս կ’ուզեմ ըսել, ես չեմ կրնար վճարել այդ դասերուն համար:
Բնաւ մտքէս չէր անցած վճարումի հարցը. պատասխանեցի.
— Այդ մէկը խնդիր չէ, մի՝ մտահոգուիք:
Ան շարունակեց.
— Հիմա իսկ կրնանք սկսիլ.
— Մեզի դասագիրք պէտք է, որպէսզի ուղղութիւն մը ունենանք. ես այդ տեսակի ոչինչ ունիմ:
Պայուսակէն անմիջապէս հանեց գրքոյկ մը, եթէ չեմ սխալիր «Հայերէնի Դասագիրք» անունով, հեղինակը՝ Մկրտիչ Պարսումեան, փարիզահայ յառաջացած տարիքի յարգուած մտաւորական դէմք մը, զոր ճանչցած էի. ան յիսունական թուականներուն սկիզբները կազմած էր Համազգային Միութեան Փարիզի մասնաճիւղը եւ որուն վարչութեան ատենապետն էր:
Բացինք գիրքը եւ սկսանք առաջին դասը: Գրքին առաջին էջին վրայ, վերը առաջին տողին ճիշտ մէջտեղը, մեծցուած չափով կ’երեւնար Ա տառը, յաջորդ տողերուն վրայ հայերէն միւս գրերը՝ աստիճանաբար փոքրանալով: Էջին ամենէն վարի տողին մէջ կային երեք տառերով հայերէն բառեր: Ուզեցի այդ բառերը ֆրանսերէնի թարգմանել: Տողին առաջին բառը «բալ» էր, որը նոյն ատեն գրքին առաջին բառը կ’ըլլար: Գիտէի որ պտուղ մըն է, սակայն չէի գիտեր ճիշտ ինչ պտուղ է, ոչ հպարտօրէն ըսի.
— Այս բառը «բալ» ինծի ծանօթ չէ. գիտեմ միայն որ պտուղ մըն է կեռասի նման անոր ֆրանսերէնը չեմ գիտեր: Ըսած էի ձեզի, որ ես երբեք հայերէն չեմ դասաւանդած, որովհետեւ հայերէնս բաւարար չէ դասաւանդելու. այս ամենէն տարրական գրքին առաջին էջին առաջին բառն իսկ անծանօթ է ինծի:
— Ոչի՝նչ, շարունակենք մեր դասընթացքը, – ըսաւ:
Չեմ գիտեր ինչքան լուրջի առաւ ըսածս: Մեր դասերը շարունակեցինք մինչեւ յուլիսի կէսերը, երբ օր մը դասի վերջաւորութեան յայտնեց, որ դասընթացքը այսօր պէտք է որ աւարտենք, որովհետեւ յաջորդ օրը Սթոքհոլմ պիտի մեկնի: Իրարու ձեռք սեղմեցինք, ցտեսութիւն ըսինք իրարու եւ ան մեկնեցաւ:
Անշուշտ քիչ մը յանկարծակի էր այս աւարտը, սակայն ինչ որ աւելի զարմացուց զիս, անոր շնորհակալութիւն չյայտնելն էր: Անհասկնալի էր ինծի համար այս երեւոյթը, հակառակ որ շատ կիրթ ու քաղաքավար անձ մը կ՝երեւէր եւ զանազան առիթներով անուղղակիօրէն հասկցուցած էր, որ գոհ է դասերէն:
Դասընթացքի ամբողջ տեւողութեան մեր յարաբերութիւնները եղան միշտ պաշտօնական. իրարու հետ կը խօսէինք յոգնակի դէմքով եւ դասէն դուրս տարբեր նիւթերու մասին չէինք զրուցեր. բնաւ հարցում չեմ ըրած իրեն եւ ոչ ալ ինքը՝ ինծի: Միայն իմացայ, որ մայրը Շուէտ եկած է Ռուսիաէն եւ մասնագիտութեամբ օփերայի երգիչ է: Առիթով մը ալ իմացայ, որ Սեդան մօրը միակ զաւակն է. անգամ մը դասէն ետքը Փարիզի շրջաններէն մէկը պիտի երթայի սքութերովս, ինքն ալ այդ կողմերը պիտի երթար, առաջարկեցի հասցնել զինք, ընդունեց եւ նստեցաւ սքութերին ետեւը: Փարիզցիներուն նման արագօրէն կը քշէի դանդաղ առաջացող ինքնաշարժերուն ընդմէջէն՝ անցնելով աջէն ցախ, ցախէն աջ. սարսափած փաթթուած մէջքիս, ըսաւ «Գիտէ՞ք ես մօրս միակ զաւակն եմ »: Շարունակեցի քշել այնուհետեւ հանդարտօրէն:
Սեդային մեկնելէն մի քանի շաբաթ ետք փոստով ստացայ իրմէ ֆրանսերէն լեզուով գեղեցիկ գիրք մը Սկանտինավիոյ չորս երկիրներուն մասին, որոնցմէ մէկը Շուէտն է: Գիրքը մակագրուած էր ֆրանսերէնով «Վարուժսն Տէմիրճեանին, Փրոֆեսէօր այերէնի »: Նորէն շնորհակալութեան ո՝չ մէկ խօսք: Մի՞թէ կը մտածէր որ ամէն հայու պարտաւորութիւնն է խօսիլ հայերէն, պահպանել լեզուն եւ տարածել , որուն համար շնորհակալութիւն յայտնելու կարիքը չկայ:
Այդ գիրքը տակաւին պահած եմ գրադարանիս մէջ. ամեն անգամ որ աչքս հանդիպի գրքին, կը վերյիշեմ աւելի քան վաթսուն տարի առաջ տեղի ունեցած այդ դրուագը ամբողջութեամբ եւ նոյն հարցը կը ծագի, թէ ի՞նչ չափով Սեդան կրցաւ ուրախացնել իր մայրը:
Վարուժան Տէմիրճեան