Հայաստանի Հանրապետութեան Նորընտիր Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին,
Մեծարգոյ Պրն. Վարչապետ,
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան և Համայն Հնչակեան ընտանիքին անունով կու գանք ձեզ սրտանց շնորհաւորելու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի բարձր ու պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելու բարեբաստիկ առիթով։
Համաժողովրդական շարժման յաղթանակը անտարակոյս կը պարտինք Ձեր անկոտրում կամքին ու անսահման լաւատեսութեան, որ համակեց ամբողջ հայութիւը ու նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, յոյս ու հաւատքը ներշնչելով հայրենիքի պայծառ ապագայի նկատմամբ։
Անշուշտ գիտակից ենք այն իրականութեան, որ տարիներով կուտակուած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները մէկ օրէն միւսը չեն կրնար լուծուիլ, այլ կը պահանջեն հաստատակամութիւն, համբերութիւն և յարատեւութիւն: Սակայն վստահ ենք, որ այն ջանքն ու եռանդը, որ ներդրեցիք համաժողովրդական շարժման մէջ, պիտի այժմ ծառայեցնէք ի խնդիր վաղուայ իսկապէ’ս ազատ, անկախ ու ժողովրդավար Հայաստանի կերտման:
Կրկին կը շնորհաւորենք Ձեզ ու կը մաղթենք ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն հետագայ Ձեր քայլերուն մէջ:
Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական Վարչութիւն