Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս երէկ մօտէն հետեւեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովին Վարչապետի ընտրութեան համար յատկացուած նիստի մանրամասնութիւններուն:
Այս առիթով ՌԱԿ ողջունած էր ՀՀ Վարչապետի պաշտօնին թեկնածու՝ ԱԺ անդամ Նիկոլ Փաշինեանի խոհեմ քայլը` երկխօսութեան ճամբով եւ ՀՀ սահամանդրութեան սահմանած օրէնքին, ընթացակարգին ու պետական հաստատութիւններու հովանիին ներքոյ հետապնդելու իր նախաձեռնութիւնը: ԱԺ մէջ երկար քննարկումներէ ետք ու քուէարկութեան որպէս արդիւնք՝ Նիկոլ Փաշինեանի ՀՀ Վարչապետ չընտրուելու հակազդեցութիւնը, ըստ ժողովրդավարութեան ռահվիրա ՌԱԿ-ին, պէտք է շարունակէ մնալ սահմանադրական միջոցներով պայքարի ծիրէն ներս ՄԻԱՅՆ:
Ստեղծուած քաղաքական բարդ հանգոյցը դարձեալ փողոց փոխադրելը կրնայ աննախատեսելի ու անհակակշռելի հետեւանքներ ունենալ ու մեր Հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին ապահովութիւնը հարցական դարձնել: Բան մը, որուն համար ընդհանրապէս բոլորս պատասխանատու ենք, եւ ի մասնաւորի ներկայ քաղաքական ճգնաժամը դարձեալ փողոց փոխադրելու արկածախնդրութիւնը յանձն առնող կողմը:
Ժամանակը յղի է աննախատեսելի վտանգներով: Մեր ազգային անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ է այսօր: Ի տես կիրքերու գերլարումի այս մտահոգիչ կացութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս իր աշխարհասփիւռ կառոյցներու անունով ազգային պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ դարձեալ կոչ կ՛ուղղէ ինքնազսպումի, ողջմիտ խոհեմութեան, ու հեռատեսութեան: Մեր փոքրաթիւ ժողովուրդին զաւակներէն իւրաքանչիւրը ազգային արժէք է մեզի համար: Պէտք չէ ի զուր վատնել զայն: Պէտք է գուրգուրալ անոր ուժականութեան եւ ապահովութեան վրայ:
Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք հայրենի իշխանութեան աւելի եւս ինքնազսպումի ու հանդուրժողականութեան, իսկ ընդդիմութեան, փողոցը ելած եւ չելած հայ ժողովուրդին, Սփիւռքի մէջ ընկերային համացանցով թէ այլ հաղորդամիջոցներով եռացող անհատներուն՝ աւելի եւս չհրահրել կացութիւնը, այլ ընդհակառակը դրական քաթալիսթ ըլլալ ու քաղաքակիրթ նախապատրաստութեամբ մը՝ համբերութեամբ աջակցիլ սահմանադրական գործընթացին, փրկելու համար Հայրենիքը անխուսափելի քաոսէ ուր ան կ’ուղղուի՝ եթէ տրամաբանութիւնն ու լրջախոհութիւնը լքեն մեզի :
Գերագոյն պահն է զգաստացումի ու խոկումի:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ