Ապրիլ 23-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգիսեանի ներկայացուցած հրաժարականով Հայաստանը նոր փուլ թեւակոխեց: Փուլ մը, որ տակաւին նոր պիտի ամրապնդուի, եւ անոր ընդհանուր յատկանիշները յայտնի պիտի ըլլան յառաջիկայ օրերուն:
Հայաստանը փրկուեցաւ խուճապային, արիւնահեղութեան եւ արտաքին միջամտութեան մթնոլորտներէն` շնորհիւ հայ ժողովուրդի հայրենասիրական զգացումներուն: Խաղաղ ցոյցերուն շնորհիւ եւ խաղաղ քաղաքական հոլովոյթի հիմամբ, կառավարութիւնն ալ հրաժարեցաւ:
Ժողովուրդին առօրեայ կեանքը պէտք է վերադառնայ իր բնականոն հունը եւ նորոգուի` յանուն հայրենիքի բարգաւաճման:
Մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթը փաստած է, որ փոփոխութիւնը տեղի չ՛ունենար միայն անձի մը տապալումով (ինչպէս որ կը կարծեն շատեր), այլ ամբողջական համակարգային փոփոխութեամբ` իր ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ազդակներով: Ներկայ ժամանակաշրջանին տիրական եղող շուկայական մենաշնորհային, ընկերային պահպանողական եւ քաղաքական փտածութեան համակարգը պէտք է արտամատախիլ ըլլայ:
Անշուշտ այլընտրանքը չի կրնար դառնալ ազատականութիւնը իր երկու տարբերակներով` դասական եւ նոր: Այդ երկու տարբերակները միայն անձեր պիտի փոխեն, արտաքին յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին որոշ երկրի մը հետ, իսկ վատթարանան` ուրիշին հետ: Տնտեսական ազատականութիւնը պիտի շուկայացնէ մարդկային ամէն իրաւունք` կրթութենէն սկսեալ մինչեւ առողջապահութիւն: Հայաստանը շատ ծանօթ է տնտեսական ազատականութեան, որուն հիմերը դրուեցան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան ընթացքին, երբ սեփականաշնորհուեցան բոլոր գործարանները, ընկերութիւններն ու հողերը: Այս քաղաքականութեան ընկերային- տնտեսական հետեւանքները հայրենիքը կը շարունակէ կրել մինչեւ այսօր:
Այլընտրանքը ընկերային արդարութեան, հասարակական համերաշխութեան եւ ժողովրդավարացման հոլովոյթի լայնացման մէջ է: Աշխատավարձերու եւ թոշակառութեան բարձրացում, արդար հարկային համակարգի (մեծ ընկերութիւններու վրայ բարձր հարկեր), աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու միութենականացման մէջ է:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում