Շուրջ ամիս մը առաջ սկիզբ առած Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ քայլը» նախաձեռնութիւնը Ապրիլ 23-ին արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ Սերժ Սարգսյան հրաժարեցաւ իր վարչապետի պաշտօնէն՝ ազգային ցնծութեան պահեր պարգեւելով համայն հայութեան:
Կ’ողջունենք Նիկոլ Փաշինեանն ու նախաձեռնութեան միւս ղեկավարները ինչպէս նաեւ՝ բաց ձեռքերով, առանց բռնութեան, քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժման հազարաւոր մասնակիցները, որոնք կը շարունակեն պայքարը անցնցում իշխանափոխութեան համար:
Ինչպէս յայտարարած էինք մեր Ապրիլ 21-ի հաղորդագրութեան մէջ, կը շարունակենք անվերապահօրէն թիկունք կանգնիլ այս հզօր ժողովրդական շարժման արդարացի պահանջներուն:
Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք ժողովրդական շարժման ջանքերուն, որպէսզի նախկին համակարգէն դուրս եւ վստահութիւն վայելող նոր վարչապետի մը ընտրութեամբ, մէկանգամընդմիշտ վերջ դրուի երկար ժամանակէ ի վեր երկիրը քայքայող սակաւապետական (օլիկարշիք) համակարգին եւ սկիզբ առնէ պետականաշինութեան գործընթացը:
Կոչ կ’ընենք Ազգային Ժողովի բոլոր պատգամաւորներուն, որպէսզի այս անգամ ականջ դնեն քաղաքացիներու ձայնին եւ Մայիս 1-ին իրենց քուէն տան ժողովուրդի թեկնածուին։
Զուիցերահայ Միութիւն
Ժընեւ, 29 Ապրիլ 2018