Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՛ըսէ. «Երբ կրկէսի մէջ ենք, պէտք է ըլլալ գազանազուսպը եւ ո՛չ գազաններէն մին»…
Հայրենիքը կ՛եռայ այսօր: Ան յղի է ամէն տեսակի անակնկալներով ու վտանգներով: Ամէն ոք, ամէն բան կը խօսի, կը գրէ ու կ՛ընէ: Աղմուկ, աղաղակ: Կրկէս է հոն: Ես կը հասկնամ փողոց իջնող ժողովուրդին ներկայ հոգեվիճակը, բայց ունիմ իմ անձնական տեսակէտը, որ հետեւեալն է.
Ես «ՄԱՅՏԱՆ» չեմ ուզէր: «ԳԱՐՈՒՆ» ալ չեմ ուզէր: Ես կ՛ուզեմ մինչեւ Մայիս 1 Հայաստանի քաղաքական իշխանութեան հետ առնչուած հարցերը լուծուին խաղաղ ձեւով, բանակցութիւններով ու փոխ-հասկացողութեամբ եւ հանդուրժողականութեամբ:
Ի՞նչ են Նիկոլ Փաշինեանին յայտարարած առաջնահերթ կամ Բ եւ Գ փլանները: Վերջնագրերն ու ամբոխավարութիւնը լաւ տեղ չեն տանիր: Ժողովուրդին պէտք չէ նաեւ տանիլ անյայտ ուղղութեամբ: Պէտք չէ ժողովուրդին անորոշ խօսքեր ըսել: Միայն իշխանափոխութիւնը բաւարար չէ: Ժողովուրդը պէտք է իմանայ ի՞նչ են իր փոխընտրութիւններն ու այլընտրանքները, որպէսզի կարողանայ քննարկել եւ ապա կողմնորոշուիլ: Ժողովուրդը միշտ բարի է ու զգացական: Պէտք չէ չարաշահել այս տուեալը: Մեր ժողովուրդը արժանի է լուսաբանութեան:
Ես յեղափոխութիւններ տեսած եմ, կարդացած ու ապրած կեանքիս ընթացքին: Գրածս զառանցանք չէ: Ցաւ է:
Ատենին ժողովուրդին ընդվզման ալիքին վրայ բարձրացած Լեւոն Տէր Պետրոսեանին նոյն ժողովուրդն էր, որ հեռացուց իշխանութենէն: Ժողովուրդի բուռն հակակրանքին արժանացած ու հեռացուած Կարէն Տեմիրճեանը՝ քանի մը տարի ետք իշխանութեան հասաւ նոյն ժողովուրդին ամենաբարձր քուէով: Ես այս կը ՅԻՇԵՄ, ՏԵՍԵՐ ԵՄ: Ես չեմ զառանցեր:
Ես չեմ ուզեր կրկնուի «Լե-ւոն, Լե-ւոն»ը: Նաեւ.- Ես վստահաբար կ՛ըսեմ որ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ դառնալով անպայմանօրէն պիտի ՉԻ ԴԱԴՐԻ արտագաղթը: Նման բան պատրանք է: Տնտեսական կտրուկ աճ ալ պիտի ՉԻ ՊԱՏԱՀԻ բնականաբար: Այդ մէկը պատրանք է: Նաեւ չեմ հաւատար, որ Նիկոլ Փաշինեանը վատ մարդ է կամ Կարէն Կարապետեանը վարչապետ դառնալով ոչինչ պիտի ընէ: Այս մէկը հաստատ գիտեմ:
Ես «Մայտան» չեմ ուզեր: Խելքի աշեցէք: Տեսէ՛ք տեղւոյն ժողովուրդներուն վրայ որքա՜ն սուղ արժեցին տարածքաշրջանին այլ երկիրներուն մէջ իբր թէ ժողովրդավարութիւն բերելու ելած այսպէս կոչուած առաքելութիւնները: Տեսէ՛ք ի՞նչ ըրին «Գարուն»ները ուրիշ երկիրներու մէջ: Խելքի աշեցէք:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր