«Հայրենիք» .Խոժոռ դէմքեր էին շուրջս, հիմա՝ ժպիտ կը տեսնեմ միայն. մարդիկ կը քալեն դէպի արդարութիւն: Մէկը դէպի վեր, միւսը՝ վար, աջ, ձախ, սանձարձակ քայլեր են, խաղաղ յորդումներ ըմբոստ, ինչպէս սրճեփին սուրճը կրակին ազդեցութենէն եռալով կը թափի, կը հոսի մինչեւ մրուրը քարանայ սրճեփին մէջ, պարպուի սուրճը, յորդածը՝ պաղի:
Անհանգիստ քայլեր են, մտահոգ ու վրդոված, բայց ժպտուն դէմքերով, խաղաղ երթով: Աննկարագրելի է ժողովուրդին միասնականութիւնը, ուժ մըն է ան ինքնին սիրով ու հաւատքով պարուրուած:
Առանձինդ փողոց կ՚իջնես, քանի անկարող ես տունը մնալու, քանի փողոցէն ինքնաշարժներուն ճչակները դուրս կը հրաւիրեն քեզ: Առանց գիտակցելու քայլերդ ու շարժումներդ կ՚արագնան. կը վերջացնես բոլոր տնային պարտաւորութիւններդ, աճապարանքով ու հապճեպ, քանի ընելիք ունիս, բան մը կը կանչէ քեզ, քաղաքացիութեան կոչումդ թերեւս, ազգի մը անդամ ըլլալդ, որ ինքնին պարտաւորութիւն մըն է, դուրս է քու ստեղծած փոքրիկ հանրապետութենէդ՝ ընտանիքէդ, հայու կոչումիդ կանչն է, որ քեզ կը մղէ քայլերդ արագացնելու ու մասնակցելու երթի մը սրբազան, իրադարձութեան մը պատմական, որ պոռթկումներու բռնկումով խաղաղութիւն կը սփռէ ու՝ հրաւէր, կոչ միանալու:
Ինքնավստահ քայլեր կան շուրջս, ժպտուն դէմքերով ու մարդասիրութեամբ ողողուն: Չորս տարիներու կեցութեանս ընթացքին այսքան ժպիտ չեմ տեսած Երեւանի մէջ, ու յաճախ խոժոռ դէմքերու երեւոյթները հիասթափութիւն յառաջացուցած են մէջս բանի մը, որուն ակնկալութիւնը ուրիշ կերպով կը պատկերացնէի, բայց ապրելով ժողովուրդին հետ, զգալով անոնց ցաւերն ու զրկանքները, կամաց-կամաց հիասթափութիւն կոչուածը ոչնչացաւ տեղը տալով համոզումին, որ տեսածներէս ու լսածներէս գոյացաւ:
«Ինձ կ՚ասեն տանը մնայ, ինչի՞ համար էս տարիքում առեւտուր ես անում, կ՚ապրէք էլի՛, երեխէքի վաստակով», կ՚ըսէ եօթանասունամեայ տատիկը, որ վարձակալած տանս թաղին անկիւնը, մայթին վրայ կը նստի, տարուան բոլոր եղանակներուն, ու գիւղէն բերած կանաչեղէնը կը ծախէ, ապա կը շարունակէ ի տես ցուցարարներուն երթին՝ «Թող քայլեն, թող պահանջեն իրենց իրաւունքը. մենք էլ, ճահել վախտ, սովետի ժամանակ, էսպէս քայլեցինք, պահանջեցինք, ու դրանից յետոյ ինչ լաւ էինք ապրում, թոշակ էինք ստանում աշխատավարձի կողքին, պա՛, ես ինչի՞ հիմի էստեղ ցրտին, շոքին առեւտուր անեմ, երեխէքիս վաստակն ի՞նչ ա որ»:
Կը քալեմ շարունակ, քայլ մըն ալ ինձմէ արձանագրելու: Կը քալեն բոլորը առանձին, բայց՝ միասին: Ահա հոս կը պարեն ժպտուն դէմքերով ու խրոխտ շարժումներով յաղթանակ տարածի պէս, իրենց քայլերուն պատասխանը ստացածի պէս, այո՛, անոնք ստացան իրենց խաղաղ երթին առաջին դրական պատասխանը, կ՚ակնկալէի՞ն կամ՝ ոչ, երկրորդական հարցեր են ասոնք, սակայն իրականացաւ առաջին յաղթանակը, որ յաղթանակներու նախաքայլն է, հիմքը, պատասխանը դրական, որուն հիման վրայ պիտի շարունակուի այս երթը խաղաղ, միաբան, սիրայորդ դէպի արդարութիւն, դէպի աւելի դժուարներուն իրականացումը:
Կը հասնիմ խաղաղութիւն, միասնութիւն ու յոյս բուրող, յաղթանակ բուրող հրապարակը Հանրապետութեան: Խաղաղութեան աղաւնիներուն հետ կը ծափենք բոլորս, խը-րոխտ ծափը ժողովուրդին, կոչը նաեւ անոր, որ երթին առաջին օրերէն կը լսուի, հիմա կարելի է յաղթանակի ծափ կոչել անիկա, որ խաղաղ ծովուն վրայ գոյացող ալիքները կը պարզէ դէմդ, ու յանկարծ ալիքը կ՚ըլլայ երկու, երեք, հարիւր, հազար եւ աւելի, կը փրփրի, գլորելով կը շարժի մէկը, ետեւէն միւսը, մի քանին, բոլորը միասի՛ն, միասի՛ն, բոլորը մէկի պէս:
Ու կը շարունակուին ժպիտները օրուան երթէն ետք ալ, երբ ինքնաշարժները դռները բաց կը հրաւիրեն ժողովուրդը իրենց երթալիք ուղղութիւնները մատնանշելով՝ «Կոմիտաս եմ գնում», «Ռայկոմ, Մանումենդ, Մասիւ եմ գնում», «Երէբունի եմ գնում ճամբիս ո՞ւր ուզենաք, կ՚իջացնեմ»…, վերադարձի ճամբուն ես ալ նստած հայրենակիցի մը ինքնաշարժը կը խօսակցիմ երթին մասնակիցներուն հետ, վարորդին կողքը նստողը կը սկսի իր քաղաքական վերլուծումներուն՝ «Ես իրաւաբան եմ, գիտեմ ինչ ա լինելու յաջորդ քայլը…», կողքս նստող վաթսունամեայ տղամարդը կը սկսի պատմել անցեալէն՝ «Երբ ուսանող էի՝ 1988-ին, նման հանրահաւաքներ էին տեղի ունենում. մենք էլ տաքարիւն, էս երիտասարդների նման, դուրս էինք եկել փողոցներում, հրապարակներում: Ղարաբաղի հարցն էլ էր էդ ժամանակ, մենք մինչ այդ չգիտէինք ինչ է Ղարաբաղը, բայց էն օրերին իմացանք ու կանգնեցինք մեր հայրենակիցների կողքին», կը շարունակուի մեր հաճելի զրոյցը ու վայրկեանները ակնթարթի մը վերածելով կը հասցնէ զիս բնակարանս:
Փողոցը ճչակներուն ձայները նուազեցան, բայց փոխարէնը մարդիկ փոքր խումբերով հաւաքուած են հոս ու հոն: Երկու-երեք հոգի երբ կողք-կողքի գան, քաղաքական զրոյցի մը կը սկսին: Յաջորդ առնուելիք քայլերուն որոշումները կը սկսին քննարկուիլ, ամէն ոք իր վերլուծումը կու տայ պատահածին ու պատահելիքին առընչուող, բայց անոնք՝ ժողովուրդը, անզգալաբար, այսպիսով, գալիք քայլերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ