«Հայրենիք». «Կեցցէ’ Այն Հայաստանը Որ Վաղն Է Գալու»
Մովսէս Կորկիսեան
(1961-1990)
Անկասկած, Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին զարգացումները իւրաքանչիւր հայու միտքն ու հոգին գրաւած կարեւորագոյն իրադարձութիւնն է: Բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ցոյցերը, ներկայացուած պահանջներու ու հրապարակային ելոյթներով արտայայտուած միտքերու կողքին, նաեւ դասեր ու փաստեր կ’արձանագրեն ամէն օր:
Առաջին դասը որ կարձանագրուի, այն է, որ Հայաստան փակած է սովետական մարդ կերպարի էջը եւ այսօր մենք հրապարակի վրայ է անկախ Հայաստանի քաղաքացին, որ ձերբազատուած է «կեդրոն»ին հանդէպ ունեցած վախէն ու հնազանդութենէն:
Երիտասարդներու գերակշիռ մասնակցութիւնը իւրաքանչիւր հայու մեծ յոյս կը ներշնջէ Հայաստանի վաղուայ օրուան հանդէպ, բայց նաեւ մեծ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ իւրաքանչիւրիս, երբ կը գիտակցինք, որ այսօր տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ընթացքով պայմանաւորուած է մեր ապագան:
Հայրենի ժողովուրդը ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ քաղաքական զարգացումներու իւրայատուկ օրինակ մը, ուր տեղ չունին ներքին ընդհարումներ ու ամէն ինչ բացառապէս ժողովրդավարական սկզբունքներու մէջ կը տեղաւորուին:
Սերժ Սարգիսեանի հրաժարականին յաջորդող մտորումները, վերջապէս համոզեցին, նոյնիսկ անոր որ մինչ այդ դեռ չէր համոզուած, թէ լոկ անձեր փոխելով ու փոխարինելով խորքային փոփոխութիւններու չեն կատարուիր:
Մէկ խօսքով, ժողովուրդը իր ըսելիքը ըսած է եւ այսօր ընելիքներու պահն է: Այսօր արդէն սկսած է մեր «վաղուայ Հայաստանը» կերտելու պահը: Իսկ դէպի հոն տանող ճանապարհի ուղիէն շատ բան կախուած է, որպէսզի «վաղուայ Հայաստանը» համապատասխան ըլլայ մեր ազգային նպատակներուն:
Դէպի հոն տանող ճանապարհին, բոլոր կողմերուն համար, կարմիր գիծ պէտք է նկատել Հայոց Բանակը, որ մեր անվտանգութեան ու միասնութեան կարեւորագոյն երաշխիքն է: Անկախ ամէն տեսակի տարակարծութիւններէ՝ Հայոց Բանակը պէտք է մնայ համազգային գուրգուրանքի առարկայ:
Այդ ճանապարհին կարմիր գիծ պէտք է նկատել հայ ժողովուրդի ազնուագոյն զաւակներու արեամբ ու պահանջատէր հայութեան կամքի ամենամեծ նուաճումը հանդիսացող Արցախը:
Քաջ գիտակցելով, որ աշխարհի որեւէ երկրի մը մէջ, նոյնիսկ ազնիւ մղումներով ծայր առած իրադարձութիւնները պարարտ հող կը հանդիսանան աշխարհակալ ուժերու միջամտութիւններուն համար, բոլոր կողմերէն կը պահանջուի, որ առաւելագոյն արթնամտութեամբ զերծ մնան կրքոտ դրսեւորումներէ եւ հռետորական կեցուածքներէ:
Քաղաքական արթնամտութիւն դրսեւորել տարածաշրջանային կամ միջազգային աշխարհաքաղաքական կացութիւններուն նկատմամբ, որպէսզի «վաղուայ Հայաստանը» ըլլայ մեր բոլորին երազած միայն հայկական արեւելում ունեցող, ժողովրդավար ու հզօր երկիրը, որ մեզ պիտի առաջնորդէ մեր վախճանական նպատակին:
Խաժակ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ