Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Վերջին երկու տասնամեակներուն, հայրենի իշխանութիւնները ձախողեցան ժողովուրդին համար համեստ եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու կենսունակ պայմաններ ապահովել. «Ասպարեզ»

Ապրիլ 27,2018 08:13

Մեզմէ իւրաքանչիւրին ծանօթ են մեր երկրի իրավիճակը եւ այդ իրավիճակի պատասխանատուներն ու դերակատարները: Կասկածէ վեր է, որ այդ դերակատարները՝ ըլլան անոնք իշխանութիւն, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն կամ անհատներ, լաւատեղեակ են իրենց ունեցած դերին՝ երկիրն ու ժողովուրդը այս ճգնաժամային կացութեան մատնելու: Անվիճելի իրականութիւն է, որ վերջին երկու տասնամեակներուն, հայրենի իշխանութիւնները ձախողեցան ժողովուրդին համար համեստ եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու կենսունակ պայմաններ ապահովել: Տարիներ շարունակ, իշխանութիւններն ու անոր լծակները անտեսեցին եւ արհամարհեցին մեր ժողովուրդին ազատ եւ արժանապատուութեամբ ապրելու իրաւունքը: Այս ճշմարտութիւնը փաստելը անհեթեթ է այս պահին: Իրողութիւնը այն է, որ այսօր ազգովին կը գտնուինք այնպիսի՛ թնճուկի մը առջեւ, որուն լուծումը բաւական բարդ է եւ կնճռոտ:

Այս պայքարը Նիկոլի պայքարը չէ՛: Այս պայքարը ճնշուած ժողովուրդի մը անհանդուրժելի իրավիճակին հրամայակա՛նն է: Յոյս ներշնչելու պայքար է։ Իշխանութեան հանդէպ հաւատք եւ վստահութիւն վերականգնելու պայքար է: Եւ վերջապէս, հայրենիքին ու գալիք սերունդներուն լուսաւոր եւ բարգաւաճ ապագայ մը ապահովելու պայքար է:

Սերժի եւ Սերժերու հրաժարականով չէ՛ որ այս պայքարը յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Այդ մէկը կենսական քայլ մը ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէ՛, եւ պէտք չէ որ ըլլայ: Այս երթի ամբողջական յաղթանակը միայն ու միայն կարելի է ապահովել հիմնական ու արմատական փոփոխութիւններով՝ ընկերային, կենցաղավարական եւ քաղաքական մշակոյթի ոլորտներէն ներս: Իշխանութեան մէջ ըլլալիք փոփոխութիւնները անխուսափելի են, հրամայական եւ անայապա՛ղ:

Սակայն, անոր հետ միատեղ, ժողովուրդը կենսական փոփոխութիւններ ունի ընելիք: Անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ ստրկութեան հոգեբանութենէն: Պէտք է յանձնառու ըլլալ օրէնքի պահպանման եւ գործադրման: Կաշառքներ ստանալով՝ ընկերային անկախութիւն չի՛ կերտուիր: Երկրի օրէնքները խախտելով եւ երկիրը կողոպտելով՝ կենցաղային անկախութիւն չի՛ պահպանուիր: Այսօր, խոհեմութիւնը, հանդուրժողութիւնը եւ հաւասարակշռուած դատողութիւնը աւելի անհրաժեշտ են քան երբեք: Ատելութեան, ոխի ու վրէժխնդրութեան զգացումները տեղ չեն կրնար ունենալ մեր այսօրուան իրականութեան մէջ։ Պէտք է զգոյշ ըլլալ արտաքին երկիրներու միջամտութիւններէն եւ զերծ անձնական շահեր հետապնդելէն: Ապա թէ ոչ՝ թատերախաղը կը մնայ նո՛յնը, եւ միայն դերասաններն են որ կը փոխուին: Սերժին տեղ կու գան նոր Սերժեր, Նիկոլին տեղ՝ նոր Նիկոլներ, եւ ապականած իշխանութեանց տեղ՝ նոյնանմա՛ն իշխանութիւններ։

Տիգրան ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30