Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Վարչապետին հրաժարականը ինքնին երաշխիք մը չի կրնար ըլլալ որ յաջորդ ընտրութիւնները յանկարծ ըլլան ճշմարիտ եւ արդար. «Ասպարեզ»

Ապրիլ 26,2018 09:30

Հայաստանի թէ՛ քաղաքական եւ թէ քաղաքացիական համակարգը (բառերուն ամէնէն լայնապարփակ առումով, ներառեալ՝ քաղաքացիներու մտածելակերպը եւ մօտեցումը կառավարման չափանիշներու հանդէպ) պէտք է ենթարկուի հիմնական եւ համապարփակ վերակառուցման: Խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու կոչը երկրորդ հարկաւոր անկիւնադարձ մըն է: Սակայն պէտք է նաեւ գիտակցիլ, որ թէ՛ ներկայ իրավիճակը եւ թէ առաջադրուած լուծումը կը դիմագրաւեն ներքին եւ արտաքին լուրջ վտանգներ: Յիշենք այդ վտանգներէն մի քանին:

Ներքին վտանգները կապուած են մտածելակերպի եւ մօտեցումի ոչ-ամբողջական յեղաշրջման մը հետ: Օրինակ, քաջալերիչ երեւոյթ էր երիտասարդութեան եւ մանաւանդ ուսանողներու մասսայական (զանգուածային-Խմբ.) մասնակցութիւնը այս ցոյցերուն: Սակայն կ՛արժէ այսօրուընէ իսկ սեղանի վրայ դնել հետեւեալ հարցը. արդեօք այդ նոյն ուսանողները, որոնք լեցուցած էին Երեւանի փողոցները, ճգնաժամը անցնելէ ետք, պիտի վերադառնան հի՞ն գործելակերպին: Պիտի փորձե՞ն կաշառքով ընդունուիլ համալսարան. պիտի փորձե՞ն կաշառքով քննութիւններ անցընել ու աւարտել դպրոցը: Եթէ այո՝ հիմնական շատ բան փոխուած չ՛ըլլար նոյնիսկ վարչապետին հեռանալով: Պարզապէս կը վերադառնանք նոյն փտած համակարգին, տարբեր առաջնորդներու ղեկավարութեամբ:

Աւելի մեծ ներքին վտանգը, նոյն ընդհանուր մտավախութենէն ծնած, նոր ընտրութիւններու անցեալին նման խարդախուած ըլլալու հարցն է: Ընտրութիւնները պիտի կրնա՞ն ազատ ըլլալ: Հայաստանի մէջ, առանց բացառութեան, ցարդ ոչ մէկ ընտրութիւն եղած է ազատ եւ վարչապետին հրաժարականը ինքնին երաշխիք մը չի կրնար ըլլալ որ յաջորդ ընտրութիւնները յանկարծ ըլլան ճշմարիտ եւ արդար: Ո՞րքանով փոխուած է քուէարկող հասարակութեան մտայնութիւնը: Քուէարկող քաղաքացին պիտի կարենա՞յ՝

— Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշակէ պաշտօնանկ ըլլալ.

— Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ կորսնցնել իրեն շատ պէտք եղած 20,000 դրամի ընտրակաշառքը:

–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ, որ իր ընտանիքը կրնայ սոված մնալ.

–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ, թէ ինք կրնայ հեռացուիլ իր ընկերային շրջանակէն.

–Այլ խօսքով՝ միջին քուեարկող քաղաքացին պիտի կարողանա՞յ միայն ու միա՛յն իր խիղճով քուեարկել:

Եթէ այս հարցումներուն պատասխանները դրական են, ապա Հայաստանը անցած կ՛ըլլայ քաղաքական եւ տնտեսական հասունութեան բոլորովին նոր փուլի մը: Այլապէս, անկրկնելի առիթ մը կորսնցուցած կ՛ըլլանք եւ կը վերադառնանք հին համակարգին:

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30