Նախ պէտք է ընդունիլ, եթէ անշուշտ մատի ետեւ պահուըտելու փորձեր չընենք, որ առաջին հերթին վարչապետ Սարգսեանի հրաժարականի պահանջով սկսած ժողովրդային այս շարժումը խորքին մէջ շարժում է ընդդէմ իշխանութիւնը բաժնեկցող եւ այդ համակարգը ոտքի վրայ պահող բոլոր քաղաքական ուժերուն, դժբախտաբար ներառեալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Եթէ ոմանց ականջին «ժողովրդային շարժում Դաշնակցութեան դէմ» միտքը քիչ մը ծանր կը հնչէ, ապա եկէք ըսենք որ ժողովրդային այս շարժումը նաեւ անվստահութեան ձայն է վերջին տարիներուն Դաշնակցութեան վարած քաղաքականութեան հանդէպ:
Աւելի պարզացնելու համար ըսենք, որ ներկայ համակարգին մէջ մտնելով, այնտեղ տիրող ուժերուն հետ դաշինք կնքելով, խայտառակ խորհրդարանի մը մէջ խորհրդարանական ճանապարհներով համակարգ բարեփոխելու Դաշնակցութեան որդեգրած ռազմավարութիւնը որեւէ արժէք չի նեկայացներ ժողովուրդի աչքին, ոչ ալ հաւաստիութիւն կը ներշնչէ:
Կը յուսամ, որ այս կարծիքն ալ նկատի կ՛առնեն Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւններուն մէջ հայրենիքի փրկութեան միակ փարոսի կառուցումը (երբեմն մեծամտական հովերով) տեսնողները կամ մի տասերորդ վայրկեանի միջնորդութիւններ հրաշք համարողները:
Վերի մատնանշումներու տրամաբանութեան հետեւելով՝ թելադրելի է նաեւ մտածել այն մասին, որ Հայաստանի այսօրուան բարդ ու ճգնաժամային իրավիճակին մէջ, ուր ամբողջ քաղաքական համակարգ մը բարեփոխելու ժողովրդային յեղափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ, ինչպէս կարելի է զայն հեռուէն դիտել եւ դեռ դուն քեզ յեղափոխական կուսակցութիւն համարել: Այս բոլորը ի մտի ունենալով, ես այն կարծիքին չեմ որ երկխօսութեան կոչի յայտարարութիւն մը կամ վերջին վայրկեանի միջամտութիւն բաւարար են քաղաքական ու բարոյական վարկանիշ ապահովելու Դաշնակցութեան:
Եւ իսկապէս, ինչպէս կարելի էր համոզել Հայաստանի քաղաքացին քու յայտարարութիւններով ու միջամտութիւններով, երբ տակաւին քաղաքական դաշնակիցը կը մնաս ուժերու, որոնք դեռ երէկ միայն բռնանալու, ծեծելու, խոշտանգելու, ձերբակալելու ու դեռ Մարտ մէկեան ակնկալութիւններով խօսելու լեզուն կը գործածէին:
Բարեբախտաբար, դեռ մեզի վիճակուեցաւ Մարտ մէկեան օրինակով վատագոյնը չտեսնել: Համաձայն երկու կուսակցութիւններուն միջեւ կնքուած դաշնագիրի տրամադրութիւներուն, Դաշնակցութիւնը պարտաւոր էր Հանրապետական կուսակցութեան հետ հաւասարապէս պատասխանատուութիւն կրելու կառավարութեան բոլոր գործունէութեան մէջ: Այլ խօսքով, քաղաքացիական անհնազանդութեան ժողովրդային այս շարժումը բռնի ուժով եւ ի հարկին արիւնահեղութեամբ ճնշելու պարագային, նոյնքան պատասխանատու պիտի համարուէր Դաշնակցութիւնը: Ասիկա ոչ միայն աննախադէպ երեւոյթ պիտի ըլլար Դաշնակցութեան ամբողջ պատմութեան մէջ, այլեւ Դաշնակցութեան Anti Christ-ի ժամանումը պիտի «աւետէր»:
ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում