ԿՈՉ
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Աւելի քան 10 օրէ ի վեր, Հայաստան կ’ապրի եռեւեփումի արտասովոր վիճակ մը: Օր աւուր կը հետեւինք դէպքերու հոլովոյթին ու կացութիւնը բարեշրջման տանելու ճիգերուն, որոնք ցարդ չեն հասած շօշափելի արդիւնքի: Գոհունակութեան միակ աղբիւրը այն է, որ հակադիր կողմերը ցոյց տուած են վայրագութենէ եւ անհարկի ընդհարումներէ ետ կենալու կամք, որպէսզի երկրին ու ժողովուրդին խնայուի անընդունելի արիւնահեղութիւն:
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան այս ափէն, մենք՝ հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներս, այսու սրտագին կոչ կ’ուղղենք բոլորին՝ իշխանութեան, ընդդիմադիրներուն եւ ժողովուրդի մէն մի զաւակին, որ որդեգրեն երկխօսութեան, փոխադարձ հասկացողութեան եւ հանդուրժողութեան ուղին, զիրար լսելով հետամուտ ըլլան թէ՛ ժողովուրդի դառնութիւններուն դարմանումի եւ թէ պետութեան անսասան պահպանման հրամայականներուն, հայրենիքի գերագոյն շահերուն նախանձախնդութեամբ ու գործակցական կամքով լծուին կացութեան բարեշրջման գործընթացին՝ ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի երկխօսութեան կոչին:
Կ’աղօթենք, որ բանականութիւնն ու համերաշխութիւնը ամբողջականօրէն վերականգնին անյապաղ, ու ազգովին շարունակենք հայրենքի վերակառուցման ու ժողովուրդի բոլոր ցաւերուն ամոքումի երթը:
Յովնան Արք. Տէրտէրեան Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի
Միքայէլ Եպս. Մուրատեան Վեր. Պերճ Ճամպազեան
Առաջնորդ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Հովիւ Հայ Աւետարանական համայնքի