Երեւանի մէջ ընթացող հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու ընդմէջէն մեր երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը մեզի տուին ուսանելի դասեր, որոնք կրնան միայն խթան ու ապաւէն հանդիսանալ ներկայ տագնապի բարւոք հանգուցալուծման։
Առաջին, անոնք ապացուցեցին, որ իրենք ոչ ոքէ ժողովրդավարութեան դասեր առնելու կարիքը չունին։
Երկրորդ, անոնք ցոյց տուին, թէ իրենք չեն առաջնորդուիր ժողովրդավարական սին լոզունգներով եւ կեղծաւոր արտայայտութիւններով։
Երրորդ, անոնք թարգմանը հանդիսացան մեր ժողովուրդի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ցաւերուն, որոնք արմատաւորուած էին վերջին աւելի քան քսանհինգ տարիներուն։
Չորրորդ, իրենց անկեղծութեամբ եւ սկզբունքային հաւատարմութեամբ, անոնք կարողացան առկայ տագնապի լուծում որոնող զօրաշարժի ենթարկել հայրենի քաղաքական ուժերը, ներառեալ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ նորընտիր վարչապետը։
Հինգերորդ, իրենց ցուցական նախաձեռնութիւններու ընթացքին, անոնք մնացին երկրի սահմանադրութեան իրաւասութիւններուն մէջ եւ փորձեցին գործել օրինապահութեամբ։
Հիմա պահն է քաղաքական հասունացման, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ բարելաւումի եւ արդար բարեկարգումի ճանապարհները հարթել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար։
Այս ճամբուն վրայ չենք կրնար կրկին անգամ ընկրկիլ կամ ձախողիլ, որուն անցեալի օրինակները տակաւին թարմ են մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։
Այս մէկը պիտի ըլլայ ներկայ տագնապէն քաղուող մեր բոլորին մեծագոյն դասը։ Այսօր, բոլորս կը գտնուինք կրկնուող տագնապին վերջնական լուծում մը որոնելու եւ գործադրելու մարտահրաւէրին դիմաց։ Ա՛յս պիտի ըլլայ մեր ազգային այն փորձաքննութիւնը, ուր պէտք է կարենանք ապացուցել եւ կիրարկել մեր հաւաքական հանճարը՝ քաղաքական հասունութեամբ եւ պետական մտածողութեամբ։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Լոս Անճելըս
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում