Շաբաթ, Ապրիլ 14-էն ի վեր Հայաստանի մէջ ծայր առած ցոյցերն ու խռովութիւնները սպասելի էին: Յստակ է, թէ այս ցոյցերը ի՞նչ կ՛ապացուցեն:
Դժգոհութեան ալիք մը գոյութիւն ունէր, որ հետզհետէ սկսած էր ցայտել գրեթէ տարիէ մը՝ Կիրակի, Ապրիլ 2, 2017-էն ի վեր, երբ շատ մը քաղաքական հոսանքներ սահմանադրական ընտրութեան դէմ քուէարկած կամ նոյնիսկ պոյքոթի ենթարկած էին: Այդ օրերէն իսկ, յստակ էր, թէ երկրին քաղաքական կեանքը դէպի բեւեռացում կ՚ուղղուէր։
Հարցը սահմանադրական փոփոխութիւնները չէին, ներառեալ՝ նոր ընտրական օրէնքի գործադրումը, նախագահականէն դէպի խորհրդարանական կարգավիճակ փոխադրութիւնը: Շատե՜ր այս բարեփոխութեան ետին կեղծիք եւ թատրոն կը տեսնէին, անմիջապէս եզրակացնելով, թէ երկրի ղեկի եւ ղեկավարութեան գործընթացը ոչինչով պիտի փոխուէր, եւ պարզապէս նախագահ Սերժ Սարգսեան վարչապետ Սերժ Սարգսեան պիտի դառնար:
Օրը եկաւ եւ անձի ընտրութիւնը այդպէս ալ եղաւ: Դժգոհ ամբոխը ցոյցերու եւ հաւաքներու դիմեց՝ իր ցասումն ու ընդվզումը արտայայտելու համար: Այս ցուցարարներուն համար շատ աւելի նպաստաւոր է նոր սահմանադրական օրէնքներուն որդեգրումը, մանաւանդ որ պէտք է նկատի ունենալ, թէ դատական իշխանութիւնը գործադիրէն ամբողջութեամբ անկախ է եւ ինքնաբերաբար կ՚երաշխաւորէ պետական իշխանութեան դատական, գործադիր եւ օրէնսդիր բնագաւառներու փոխադարձ հաւասարակշռութիւնն ու հակակշիռը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում