Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Սագօ Արեան. Պուէնոս Այրէսի, Կալկաթայի Պէյրութի կամ Հալէպի մէջ ապրող հայուն համար Երեւանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը «ուրախացնող» դէպքեր չեն. «Հայ ձայն»

Ապրիլ 21,2018 10:21

ՀԱՅ ՁԱՅՆ. Վերջին օրերուն տասնեակ նամակներ ստացայ տարբեր երկիրներ ապրող բարեկամներէ, որոնք ծրագրած են յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան այցելել: Բարեկամներուս մեծ մասը մտահոգութիւն կը յայտնէր, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներով:

Անոնք հարց կու տային ՝ «Ձեր մօտ ինչ կա՞յ», կամ «Եղածը վտանգաւոր է՞» կամ «Ո՞ւր կ’երթայ կոր մեր երկիրը»:

Տեղին է շեշտել, որ սփիւռքի տասնեակ քաղաքներուն մէջ ապրող ծանօթներէս ոչ մէկը «ականջ տուաւ» «ԵԼՔ»ի Առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի կոչերուն Հայաստանի «դեսպանատուները գրաւելու» հրաւէրին: Անոնք ոչ իսկ հետաքրքրուած են, թէ ուր պիտի կատարուի Նիկոլի ու անոր հետեւորդներուն յաջորդ հաւաքը, կամ «Ազատութիւն» կայանի «լայվ» հաղորդումին «ուշի ուշով» հետեւող յայտնի «ռոքէր» Սերժ Թանքեանը պիտի գա՞յ Երեւան «միանալու» համար ցուցարարներուն:

Տրուած բնորոշումներ հիմնուած են իրական տուեալներու վրայ ու կը հաւատամ, որ սփիւռքի ջախջախիչ մասսան կամ անոնք, որոնք մտահոգ են Հայաստանի «տարտ ու ցաւով» իմ բարեկամներուս պէս կը մտածեն:

«Մեթրոն փակեցին», «հասան Բաղրամեան», «Մտել են Ազատութեան հրապարակ» եւ նման «թէժ» խորագրերու ֆոնին տակ խօսող իմ գործընկեր լրագրողները կը փորձեն ամէն գնով յաչս աշխարհին ցույց տալ, որ Երեւանը կ’ապրի «Թէժ գարուն» մը, եւ ամէն բան տակնուվրայ է ու վաղը չէ միւս օրը «յեղափոխութիւնը պիտի պայթի»:

Բաց աստի յստակ է նաեւ, որ սփիւռքի հայութեան «շարժիչ ուժ» հանդիսացող քաղաքական կուսակցութիւններն ու միութիւնները ոչ միայն խանդավառ չեն այս քայլերով այլ տարբեր մակարդակներու վրայ սկսած են լսելի դառնալ զգօնութիւն պահանջող կոչեր:

Սփիւռքի թեման շահարկելը նորութիւն չէ, «Սփիիւռքը մեր կողքին է» կամ «հեսա սփիւռքահայերը փողեր են ուղղարկում մեր հաշիւներներին» պոռալը ոչինչ կը փոխէ ճշմարտութենէն:

Ու այդ յանկերգներով հանդէս եղողներն ալ շատ լաւ գիտեն, որ նման նուրբ եւ ոչինչ գործողութիւններու դիմաց սփիւռքը կոյր կը ձեւանայ ու յոռեգոյն պարագային ալ զգօնութեան կը հրաւիրէ այդ քայլերը կատարող կողմերը: Սփիւռքը քնացած չէ, սփիւռքը գործիք չէ: Սփիւռքը մէկ մարդու պէս ոտքի կը կանգնի երբ իրապէս վտանգուած կ’ըլլան Հայաստանի ու Արցախի սահմանները ու ճիշդ կ’ընէ…

Դրամի ճանապարհով, յետին քաղաքական պատուէր կատարելու ճամբով կամ «կլոպալ» խաղերու մէջ նոր վարկած մը աւելցնելու մարմաջով հրապարակ բարձրացող գործիչներ նախ եւ առաջ պէտք է լաւ ճանչնան սփիւռքի հայութեան հոգեբանութիւնը եւ ապա խօսին «սփիւռքը գրաւելու» կամ իրենց քայլերուն համամիտ եղող սփիւռքի մը գոյութեան մասին:

Պուէնոս Այրէսի, Կալկաթայի Պէյրութի կամ Հալէպի մէջ ապրող հայուն համար Երեւանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը «ուրախացնող» դէպքեր չեն:

Անոնց համար ամենավեհը, ամենակարեւոր Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնն են:

Եւ սա անշուշտ կը բխի բարօր, ապահով եւ ինքնիշխան երկիր մը ունենալու բնական մղումէն: Ի վերջոյ աւելի լաւ կ’ըլլայ հանգիստ ձգել սփիւռքը եւ հեռու մնալ ամբողջ հայութեան համար կարեւոր զէնքը ի զուր տեղը օգտագործելու փորձութենէն:

Աւարտին ալ ինծի նամակներ գրող բարեկամներուս պիտի ըսեմ, որ ամէն ինչ լաւ հունի մէջ է Երեւանի մէջ: Օրը հրաշալի գարուն կը բուրէ եւ այսօր ալ խցանումներէն հեռու մնալու համար «Կիեւեան փողոց»էն «Հանրապետութեան հրապարակ» մեթրոյով պիտի շրջագայիմ: Այս օրերուն եղած զարգացումներուն լաւագոյն «ձեռքբերում»ը  մեթրոներով շրջագայիլն էր ու ես ալ ատիկա մեծ հաճոյքով կատարեցի:

 Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30