Քաղաքամայր Երեւանի բնակչութեան մէկ կարեւոր հատուածը քանի մը օրէ ի վեր դիմած է քաղաքացիական անհնազանդութեան՝ պահանջելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան չեղարկումը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար մեր ժողովուրդի սահմանադրական անկապտելի իրաւունքն է խօսքի եւ հաւաքի ազատութիւնը եւ ընկերային արդարութեան ձգտումը: Առ այդ, ներկայիս ձեռնարկուած ցոյցը, այնքան ատեն որ կը պահպանուի օրէնքի սահմաններուն մէջ, ցուցարարներու թէ՛ իրաւական եւ թէ բարոյական իրաւունքն է:
Մեր համոզումն է, որ Հայաստանի բարգաւաճ ապագան կը յենի մեր երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան վրայ դրուած յոյսերուն: Նաեւ մեր համոզումն է, որ ամէն ճիգ պէտք է ի գործ դրուի՝ հարցերու լուծման մէջ խուսափելու արիւնահեղութենէ:
Սահմանադրութեամբ ճշդուած իշխանութեան ղեկի խաղաղ եւ օրինաւոր փոխանցումը մեկնարկը կը հանդիսանայ արդար եւ լիիրաւ ժողովրդավարութեան: Անցեալ շաբաթ ականատեսները եղանք նախագահական իշխանութեան խաղաղ եւ օրինաւոր փոխանցումի սահմանադրական գործընթացին:
Նոյն գործընթացին բովէն պէտք է անցնի նաեւ վարչապետական դրութեամբ գործադիր իշխանութեան ղեկի փոխանցումը: Այս ընթացակարգը չի կրնար առարկելի ըլլալ: Եւ Երեւանի ցուցարարները առարկութեան չեն ենթարկեր այս ընթացակարգը: Անոնց ընդդիմութիւնը երեւութապէս նորանշանակ վարչապետի անձին կը վերաբերի:
Սահմանադրական կարգով խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կազմող կուսակցութեան իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնայ վարչապետի թեկնածուին առաջադրումը:
Հետեւաբար, ցուցարարներն ու բոլոր քաղաքական ուժերը այսօր կը գտնուին բոլորին ընդունելի լուծումի մը որոնման պարտաւորութեան առջեւ: Այս լուծումը չի կրնար շրջանցել երկրի սահմանադրական կարգը, այլ սահմանադրական տրամադրութեանց հիմքերով պէտք է յանգիլ ճիշդ որոշումին, որպէսզի շահին մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը: Այս լուծումին որոնման ու կայացման մէջ, ցուցարարներու ղեկավարութիւնը, մէկ կողմէ, եւ նշանակեալ վարչապետն ու իր կուսակցութիւնը, միւս կողմէ, երկուստեք կը գտնուին փորձաքննութեան մը դիմաց, որ կը պահանջէ իւրաքանչիւրէն հանդուրժողութիւն, հասկացողութիւն եւ քաղաքական հասունութիւն:
Մեր կուսակցութիւնը, ինչպէս միշտ, կրնայ միայն սատար հանդիսանալ հաւասարապէս երկու կողմերուն, որպէսզի գերակշռէ պետական մտածողութիւնը եւ գտնուի ճիշդ հանգուցալուծումը:
Այսու կը դիմենք նաեւ մեր գաղութի հայրենակիցներուն եւ կազմակերպութիւններուն՝ միասնաբար գործելու եւ քաղաքական հասունութեամբ ու պետական մտածողութեամբ՝ պահելու մեր միասնութիւնը եւ քաջալեր հանդիսանալու, որպէսզի ներկայ ճգնաժամէն յաղթական դուրս գանք իբրեւ հայրենիք եւ իբրեւ ժողովուրդ:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ