Այսօր, ժողովուրդի մէկ ամբողջ զանգուած մայրաքաղաքի փողոցներէն դիմած է քաղաքացիական անհնազանդութեան պահանջելով ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարչապետական թեկնածութեան չեղարկումը։ Ցուցական այս ծաւալուն շաժման ղեկավարն է Նիկոլ Փաշինեան՝ Ազգային Ժողովի «Ելք» խմբակցութենէն։
Նկատի ունենալով, որ այս հեռակայ դիրքերէն մեր հարցադրութիւնը կրնայ միայն հիմնուիլ մամլոյ լսատեսողական զեկոյցներուն վրայ, որոնք երբեք բաւարար չեն գիտակ եւ առարկայական քննարկումներու համար, առայժմ կ՛ուզեմ բաւարարուիլ հետեւեալ նշումներով միայն.
(ա) Զանգուածային այս շարժման բարոյական իրաւունքն է դիմել քաղաքացիական անհնազանդութեան որքան ատեն, որ ան հեռու կը մնայ բռնարարքներէ, հանրային գոյքի դէմ վնասարարութենէ եւ յատկապէս արիւնահեղութենէ։
(բ) Տեսանիւթերու բովանդակութենէն դատելով, պէտք է գոհունակութեամբ արձանագրել այն փաստը, որ մայրաքաղաքի ոստիկանութիանը ցարդ կը գործէ մեծ համբերութեամբ եւ կը խուսափի յախուռն առճակատումներէ։ Պէտք է յուսալ, որ այս կարգապահութիւնը պահպանուի հետեւողականօրէն եւ մինչեւ վերջ։
(գ) Միաժամանակ պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ նմանօրինակ ցոյցերու բովին մէջ կը գործեն անհարազատ եւ կասկածելի ուժեր և մեծ է վտանգը, որ այդպիսի դաւադրական եւ դրդիչ ուժերու մեքենայութեամբ քաղաքացիական անհնազանդութիւնը արագօրէն վատասերի եւ առաջնորդէ արիւնահեղութեան։
(դ) Հետեւաբար ասիկա այն ճգնաժամային պահն է, ուր հանդէս պիտի գայ կողմերու քաղաքական հասունութիւնը, որ խարիսխն իսկ է որեւէ պետականութեան։ Նախ. Սերժ Սարգսեան եւ իր կուսակցութիւնը կը դիմագրաւեն իրենց քաղաքական կեանքի մեծագոյն փորձաքննութիւնը։ Իրենց ուսերուն վրայ դրուած է պարտականութիւնը քաղաքացիական անհնազանդութեամբ ոտքի ելած այս ժողովուրդը ի տուն վերադարձնելու ժողովուրդի ազատ կամքով եւ առանց բռնութեան։
(ե) Փաստը այն է, որ մայրաքաղաքի ժողովուրդին մէկ մեծ շերտը ինքզինք խաբուած կը զգայ։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացը յանգած է նոյն տեղքայլին։ Յարացոյցի այն մեծ տեղաշարժը, որ կ՛ակնկալուէր նոր սահմանադրութենէն, կասեցուած կը թուի ըլլալ իր բոյնին իսկ մէջ։ Այն հասարակական բողոքը, որուն ականատեսն ենք այսօր, իր տարերոյթին մէջ, կը թուի տրամաբանական հետեւանքը ըլլալ այն բանին, որ երկրի օլիգարխիան բողոքելու պատճառ չգտաւ օրին նոր սահմանադրութեան դրոյթներուն դէմ։ Ի վերջոյ սահմանադրութիւն մը քաղաքական համաձայնութիւն մըն է երկու կամ աւելի չհամաձայնողներու միջեւ։ Կարելի չէ պատկերացնել, որ երկրի օլիգարխիան լիովին գոհ ըլլայ այս փաստաթուղթով եւ ժողովուրդի ամբողջ զանգուած մը՝ լիովին դժգոհ։ Եթէ այս է իրականութիւնը, սահմանադրութիւն գոյութիւն չունի։ Եթէ այս է իրականութիւնը, նոր սահմանադրութեան համախոհական ենթակառոյցը թերի է եւ օլիգարխիան անկեղծ չէ գտնուած հասարակութեան հանդէպ։ Կարելի չէ ընդունիլ, որ օլիգարխիան գործէ ամէն ինչ ստանալու եւ ոչինչ զիջելու մեղաւոր դիրքերէ։
(զ) Այս բոլորէն կը հետեւի, որ քաղաքացիական այս պոռթկումը մենք պարտաւորուած ենք վերածելու քաղաքական շինիչ մեքանիզմի մը սահմանադրութեան էական այս բացը համարձակ քայլերով եւ երկուստեք արագօրէն գոցելու։ Ասիկա նոր սահմանադրութեան վաւերականացման պատմական պահն է եւ քաղաքական բեմը իր բոլոր շերտերով պիտի լծուի այդ մեծ գործին։ Ինչպէ՞ս։
Թող այդ հարցումը անկեղծօրէն հարցուի եւ մեր ազգային հանճարը անպայման կը գտնէ այդ հարցումին պատասխանը։
Կարօ Արմենեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում
«մեր ազգային հանճարը», անշուշտ… այդ ցուցարարները բոլորը արդէն հանճարի կարգին մարմնաւորումն են…
բայց քո հանճարի իմ բանջարին վնաս չէ, եալլա…