«Գանձասար». Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ հակառակ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-Ֆրանսա-Բրիտանիա եռակողմ յարձակումին, նոյն օրուան մէջ, սուրիական բանակը ամբողջացուց արեւելեան Ղութայի, իր բոլոր գիւղերով եւ աւաններով, ազատագրումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն։
«Անցնող օրերուն, բոլոր զինեալները դուրս բերուած էին Ղութայի իրենց վերջին թաքստոցէն։ Այս յաղթանակը արձանագրուեցաւ՝ շնորհիւ սուրիական բանակին եւ դաշնակից ուժերուն ամիսէ մը ի վեր սկսած զինուորական գործողութիւններուն»։