ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հանրային KCET պատկերասփիւռի կայանը, Հրէական Ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմեր պիտի ցուցադրէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին՝ շեշտելով պատմութեան մէջ նման ահաւոր ողբերգութիւններ երբեք չմոռնալու կարեւորութիւնը։
Հրէական Ողջակիզման նուիրուած «Թրեզորզ» ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 11ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմը՝ «Պիտի Չանհետանան. Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Պատմութիւնը» (They Shall Not Perish: The Story of Near East Relief) անունով, պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 24ին, գիշերուան ժամը 11ին, եւ նուիրուած է Ցեղասպանութեան օրերուն ու անկէ ետք նշեալ կազմակերպութեան տարած մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութեան, որմէ օգտուած են ոչ միայն հայեր, այլեւ Օսմանեան կայսրութեան ոճիրներուն թիրախ դարձած այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներ։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում