«Եռագույն». Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն Նուիրուած յուշարձան Պիտի Տեղադրուի: Այս մասին կը յայտնէ Bluewin-ը: Կը նշուի, որ երկար դատավարութենէն ետք արդէն սկսած են յուշարձանի տեղադրման նախապատրաստական աշխատանքները:
«Ինչ-որ պահու բարձրացաւ յուշարձանի տեղադրման հարցը Արիանի թանգարանի զբօսայգիին մէջ` ՄԱԿ-ի պալատի մօտ: Այս ընտրութիւնը զայրացուց թրքական կողմը, որ ճնշում գործադրեց Զուիցերիոյ Դաշնային խորհուրդին վրայ: Այդ ժամանակ զուիցերական իշխանութիւնները համաձայնեցան Անգարայի հետ այն հարցով, որ ՄԱԿ-ի շրջակայքը պէտք է քաղաքականապէս չէզոք ըլլայ», – նշած է աղբիւրը: