«Գանձասար» Ուրբաթ, 23 Մարտ 2018-ին, թրքական օդուժը հրթիռակոծեց Աֆրինի հարաւային շրջանը գտնուող Պրատ հնագիտական վայրը, որ «ԻՒՆԵՍՔՕ»ի կրթութեան, մշակոյթի եւ գիտութեան համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներառնուած էր 2011-էն ի վեր։
Թրքական ուժերը, Սուրիոյ դէմ իրենց յարձակումներուն ընթացքին յաճախ թիրախ կը դարձնէին Աֆրինի հնագիտական վայրերը, ինչպէս՝ Այն Տարայի տաճարը, Նապի Հուրիի «Քորաշ» ուխտատեղին եւ Ճենտերէսի հնագիտական վայրը։
Սուրիոյ հնագիտութեան եւ թանգարաններու տնօրէնութեան ընդհանուր տնօրէն Մահմուտ Համմուտ ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ թրքական ուժերուն կողմէ Պրատի հրթիռակոծումին հետեւանքով հնագիտական շարք մը կառոյցներ քանդուեցան, ինչպէս Ժիւլիանոս եկեղեցին, որ կ՛ընդգրկէ
Ս. Մար Մարունի շիրիմը։ Ան կը համարուի համաշխարհային քրիստոնէական հնագոյն եկեղեցիներէն, ուր կառուցուած էն յետ Քրիստոսի 4-րդ դարու աւարտին։
Համուտ աւելցուց, որ Պրատ կ՛ընդգրկէր Բիւզանդական զանազան եկեղեցիներ եւ վանքեր, տաճար մը, հանրային բաղնիք մը, բնակելի վանքեր եւ գերեզմանոցներ, որոնք բոլորը կը պատկանին յետ Քրիստոս 2-րդ եւ 3-րդ դարերուն ընթացքին հռոմէական շրջանին։
Համուտ շեշտեց. «Այս արարքը անգամ մը եւս կը վկայէ սուրիական քաղաքակրթութեան ժառանգութեան հիմքերը վերացնելու եւ սուրիական ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը ջնջելու կոչուած ծրագիրի մը գոյութեան մասին»։
Համուտ հնագիտութեան տնօրէնութեան անունով կոչ ուղղեց միջազգային պատասխանատու կազմակերպութիւններուն` որոնք Պրատը համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկեցին, մեկնելով մարդկային եւ բարոյական իրենց պարտաւորութենէն, դատապարտելու սուրիական հնագիտական կեդրոններուն վրայ թրքական շարունակուող գրոհը եւ Թուրքիոյ այս վարքագիծը բացայայտ դարձնելու ողջ աշխարհին։
Յիշենք, որ 2002-ին ֆրանսական հնագիտական պատուիրակութիւն մը յայտնաբերեց Պրատի մէջ գտնուող Ս. Մար Մարունի շիրիմը։ Այդ օրուընէ սկսեալ կեդրոնը կ՛ընդունէր զբօսաշրջիկներ աշխարհի զանազան կողմերէն։ Այնտեղ կը կազմակերպուէին մշակութային եւ կրօնական զանազան գործունէութիւններ։