Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իրեն պատկանող կալուածներուն վերադարձը կը պահանջէ Թուրքիայէն. «Ասպարեզ»

Մարտ 24,2018 10:55
yerusaxem

ՊՈԼԻՍ.- Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարքի անունով գործող փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու նամակով մը բացատրութիւններ տուած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող, բայց ապօրէն կերպով գրաւուած ու երրորդ անձերու վաճառուած մօտաւորապէս հարիւր կալուածներու վերաբերեալ բացուած դատի ներկայ  ընթացքին մասին։

«Թրքերէնով «Մարեագոփ» կոչուած հիմնարկութիւնը ¤«Մայր Յակո՞բ» ըսել կ՛ուզուի արդեօք) Երուսաղէմի պատրիարքութեան մէկ հիմնարկն է, որ կը գործէ Երուսաղէմի մէջ։ Այս հիմնարկը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մօտաւորապէս հարիւր կալուածներ ունի, բայց այդ կալուածներուն մեծամասնութիւնը, ապօրէն ճամբաներով եւ առանց որեւէ փոխարժէքի վճարումի, փոխանցուած են երրորդ անձերու ու կը գործածուին այդ երրորդ անձերուն կողմէ։ Երուսաղէմի պատրիարք հայրը այս կալուածներուն վերադարձը պահանջելով դիմումներ կատարած է Թուրքիոյ զանազան դատարաններու, որոնք դատը մերժած են այն պատճառաբանութեամբ, թէ այսօր գործող «Մարեագոփ» հիմնարկը կապ չունի հին տանուտէր հիմնարկին հետ», կը տեղեկացնէ փաստաբանը իր նամակին մէջ։

«Երուսաղէմի պատրիարքարանին անունով զանազան դատարաններէ ներս բացուած դատերը ցարդ արդիւնք չեն տուած, ուստի, քանի որ բոլոր միջոցները սպառած են, պատրիարքարանի անունով դիմում կատարուած է Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին։ Մօտաւորապէս հարիւր կալուածներէն ամէն մէկուն համար բացուած դատը իւրայատուկ գործընթաց ունի, թափուներն ալ հին օսմաներէն գրուած ըլլալուն համար յաւելեալ դժուարութիւններ կը ծագին։ Բայց փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու դիտել կու տայ, որ Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարքը վստահութիւն ունի Թուրքիոյ դատական համակարգին նկատմամբ ու կը յուսայ որ այս կալուածները ի վերջոյ պիտի վերադարձուին Երուսաղէմի աթոռին», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։

Փաստաբանը, իր նամակին միւս մասին մէջ կը հերքէ «Ժամանակ» թերթին մէջ Նուրհան պատրիարքի Պոլիս այցելութեան կապակցութեամբ հրատարակուած կարգ մը վերագրումները, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ։ Պատրիարք սրբազանը Պոլիս եկած է պարզապէս դատերուն մասին բացատրութիւններ ստանալու ու փաստաբանին հետ խորհրդակցելու նպատակով, ըսուած է հերքումնագիրին մէջ, որ արդէն հրատարակուած է «Ժամանակ»ի մէջ։

«Ասպարեզ»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031