Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպսկ. Աթէշեանի տնօրինութեամբ՝ երէկուան դրութեամբ Պատրիարքական Աթոռէն ներս վերակազմուեցաւ խորհրդակցական մարմին մը։ Տասնամեակներու նախընթացներու հիման վրայ, վերջին տարիներու ակամայ ընդհատումէն վերջ, Նորին Սրբազնութեան կարգադրութեամբ վերահաստատուեցաւ Խորհրդակցական մարմինը, որ կը բաղկանայ 12 անդամէ։
Նկատի ունենալով Պատրիարքական Աթոռին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Խորհրդակցական մարմինը պաշտօնի կոչուած է՝ որպէսզի մեր ժողովուրդի ընդհանուր տրամադրութիւնները եւ մերազն համայնքի ակնկալութիւնները աւելի լաւ արժեւորուին Պատրիարքարանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան մէջ։ Բարձրաշնորհ ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հայրը Խորհրդակցական մարմնի անդամակցութեան հրաւիրած է բարի համբաւի տէր դէմքեր, որոնք իրենց նուիրեալ ծառայութիւններով համատարած յարգանքի ու վստահութեան արժանացած են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, բարձր վարկ ձեռք բերած են յաչս մերազն ժողովուրդին, կ՚առանձնանան իրենց առաջնորդող դերակատարութեամբ եւ միշտ սկզբունքային նախանձախնդրութիւն դրսեւորած են Պատրիարքական Աթոռի հեղինակութեան նկատմամբ։
Երէկ յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպսկ. Աթէշեանի նախագահութեամբ, նորակազմ Խորհրդակցական մարմինը գումարեց իր անդրանիկ ժողովը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը յղեց ժողովականներուն։ Առաջին խորհրդակցութեան ընթացքին ժողովականները կարծիքի փոխանակումներու միջոցաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկեցին թրքահայ համայնքային կեանքի առկայ վիճակը, սեղանի վրայ դրին իրենց դիտարկումները եւ Նորին Սրբազնութեան նկատառման յանձնեցին իրենց մօտեցումները՝ մեր իրականութենէն ներս աւելի համախումբ ու ներդաշնակ միջավայրի մը ստեղծման առումով։ Քննարկումներուն համադրութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացուի հանրային կարծիքի ուշադրութեան։
Խորհրդակցական մարմնին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Տիկին Նատիա Թաշէլ
Տիար Պետրոս Շիրինօղլու
Տիար Տիգրան Կիւլմեզկիլ
Տիար Արէտ Երկանեան
Տիար Հայկ Ասլանեան
Տիար Հերման Պալեան
Տիար Հրանդ Մոսկոֆեան
Տիար Եսայի Տեմիր
Տիար Վազգէն Պարըն
Տիար Փրոֆ. Աւետիս Հաճընլեան
Տիար Ռոպէր Հատտէճեան
Տիար Արա Գօչունեան
Պատրիարքական Աթոռը կը գնահատէ յիշեալ անձնաւորութիւնները, որոնք Բարձրաշնորհ սրբազան հօր հրաւէրին ընդառաջ՝ պատրաստակամ գտնուած են մեր հաւաքական կեանքի դժուարութիւններու յաղթահարման ուղղեալ աշխատանքներուն մասնակցելու՝ ի բարօրութիւն մերազն համայնքի, ի շինութիւն մեր դարաւոր Պատրիարքարանի եւ ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ