Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

Վարդան Պետրոսյան. «Այն ատեն կ’ունենանք այն Հայաստանը, զոր ունենալ կ’երազենք»

Մարտ 23,2018 15:07

Շարունակությունը: Սկիզբը՝ այստեղ 

«ԱԶԴԱԿ.».- Դուք Հայաստանի տագնապներով ապրող անձնաւորութիւն էք, որ չէք զլանար մատնացոյց ընել, քննադատել, լուսարձակ սփռել. յանդգնութիւն մը, որ կը պակսի շատերու, թերեւս ալ այդ յանդգնութեան գինը յաճախ սուղ վճարած էք ու վճարեցիք: Արդեօք օր մը պիտի տեսնե՞նք ձեր ու բոլորիս երազած Հայաստանը:

ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Խնդիրը այն է, որ մենք ինչպիսի՞ կեցուածք ունինք մեր երազներուն հանդէպ, ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք մեր երազներու իրականացման ուղին եւ միջոցները: Եթէ մենք միայն նստինք ու երազենք, մեր Հայաստանը կը մնայ հիւանդագին երազ մը. մենք պէտք է ընդունինք, որ մենք շա՛տ պիտի աշխատինք, տքնաջան եւ շա՛տ ծանր պիտի աշխատինք, բայց նաեւ սիրով պէտք է աշխատինք, որովհետեւ աշխատանքը շա՛տ հաճելի բան է, եթէ կը կատարես սիրով, եթէ մենք աշխատինք ամբողջական նուիրումով, ուրեմն ես կը վստահեցնեմ, որ սայլը անպայման տեղէն կը շարժենք: Մենք սայլը շարժենք, մեզմէ ետք եկողները քիչ մը աւելի թող շարժեն, յաջորդները` քիչ մըն ալ, մէկը ճամբան կը բանայ, միւսը քարերը ճամբեզր կը տանի, եւ այդպիսով ամէն ինչ կարելի կը դառնայ: Սակայն ասոր համար պէտք է շատ ու նուիրուածութեամբ աշխատիլ, ատոր համար պէտք է ըլլալ նուիրեալ ու շատ սիրել Հայաստանը, շատ սիրել ընդհանրապէս մարդիկը, իսկ հայը` յատկապէս: Ըսեմ, որ հայ մարդը սիրելը դիւրին չէ, հայ մարդը ինքնին դիւրին անձ է, պէտք է ճանչնալ զայն, գիտնալ անոր լաւ ու վատ կողմերը, լաւը սիրելը դիւրին է, սակայն մութը գիտնալը կարեւոր է ու զայն սիրելը հիմնական: Այդ յամառ աշխատանքն է, որ արդիւնք կու տայ, իսկ նման աշխատանքէ մը շնորհակալութեան, երախտագիտութեան խօսքեր  պէտք չէ ակնկալել, այլ պէտք է այս աշխատանքը տանիլ լռութեամբ, խոնարհութեամբ, տաժանակիր կերպով: Եթէ մենք այս ուղին որդեգրեցինք, այն ատեն կ’ունենանք այն Հայաստանը, զոր ունենալ կ’երազենք:

«Ա.».- Արցախի մասին խօսելով` անդրադառնանք քառօրեայ պատերազմին, երբ ամբողջ հայութիւնը միաւորուեցաւ եւ կանգնեցաւ Արցախի կողքին` տարբեր ձեւերով: Արցախի նկատմամբ համայն հայութեան մեծ սէրն ու հաւատքը ինչպէ՞ս կ՛արժեւորես:

Վ. Պ.- Քառօրեայ պատերազմը զարմացուց բոլորը, առաջին հերթին մեզ` հայաստանցիներս: Վերջին շրջանին իշխանաւորներուն քաղաքական ընթացքն ու վարած քաղաքականութիւնը հիասթափութիւն պատճառած էին, նաեւ` Արցախի նկատմամբ: Անտարբերութեան քաղաքականութիւնը ծնունդ կու տար այնպիսի խմորումներու, որ արցախցիներուն եւ հայաստանցիներուն միջեւ կը յառաջանային հակասութիւններ, Հայաստանի մէջ կ՛ուռճանան արցախցիներուն կարողութիւնները, անոնք կը սկսին վարել պետական բարձր պաշտօններ եւ այլն: Այս բոլորը հայաստանցիներուն մէջ զայրոյթ կը յառաջացնէ: Կարծէք` սկսան մոռնալ այն, որ Արցախը ոտքի կանգնեցաւ նաեւ շնորհիւ հայաստանցիներուն, որոնց ու սփիւռքի հերոսներով պայքարեցաւ Արցախը, անոնք գացին, եւ կանգնեցան արցախցիին կողքին, նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհեցին: Մեր իշխանաւորներուն սխալ քաղաքականութիւնը այս մթնոլորտը ստեղծեց, իսկ համաշխարհային վերեւի օղակները, որոնք ազգերու ճակատագիրին հետ կը խաղան, ունեցան այն տպաւորութիւնը, որ որեւէ դէպքի պարագային հայաստանցին այլեւս պիտի չուզէ արցախցիին կողքին կանգնիլ, կռուիլ անոր հետ, որովհետեւ այլեւս անտարբեր ենք: Կայ նաեւ այլ երեւոյթ մը, որ երբ տեղի ունեցաւ քառօրեայ պատերազմը, ոչ ոք պատկերասփիւռի կայանէն տեսաւ ռազմական հարցերու պատասխանատու մը, որ համախմբման կոչ ուղղէ, ոչ ոք որեւէ բան ըսաւ, կարծէք` հոն եւս անտարբերութեան մթնոլորտ կար, ինչ որ հարցականներու դուռ կը բանայ:  Սակայն, փա՛ռք Աստուծոյ, իրողութիւնը այդպէս չէր, բոլորը սխալեցան` ներքին եւ արտաքին առումով, որովհետեւ մենք կրցանք ջախջախիչ պարտութեան մատնել թշնամին: Չէք կրնար երեւակայել, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենար Երեւանի մէջ, ինքնակազմակերպման ի՜նչ հոսք, որովհետեւ երբ ճակատագրական վիճակ է, բոլորը թքած ունէին ամէն ինչի վրայ, բոլորը կ՛երթային զոհուելու, հայրերը կ՛երթային իրենց եղբայրներուն կողքին կանգնելու, եղբայրներն ու քոյրերը կ՛երթային իրենց կարելին ընելու, ոչ ոք կը մտածէր ղեկավարութեան, իշխանութեան կամ քաղաքական ընթացքին մասին: Կալանավայրին մէջ ինծի հետ կային տղաք, որոնք կրնան առաջին հայեացքով ապաքաղաքականացած թուիլ, բոլորովին այլ տիպի մարդիկ ըլլալ, որոնք ունին իրենց առեւտուրը, սրճարանը եւ այլն, երբ պատերազմը սկսաւ, ջոկատներ կը կազմաւորէին ճակատ երթալու համար: Մեզի հետ էր Արցախի մէջ կռուած ռազմական հրահանգող, դաշնակցական փոխգնդապետ, որ բաց կալանավայրին մէջ էր ինծի հետ, յայտարարեց, որ պիտի երթայ, առանց հետեւանքներուն մասին մտածելու իսկ ձգեց ու գնաց: Անհամբեր սպասեցինք անոր վերադարձը, իսկ երբ եկաւ, ըսաւ, որ հանդարտ ու հանգիստ մնանք, որովհետեւ Արցախի մէջ արդէն այնքան մարդ կայ, որ այլեւս պիտի սկսինք զիրար խանգարել: Քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ապացուցեց մեր ժողովուրդին հերոսականութիւնը, անգամ մը եւս փաստեց, որ կը յաղթէ ան, որուն կողքին Աստուած կանգնած է, իսկ այդ պահուն Աստուած մեր մէջ էր, որովհետեւ համատարած հերոսութիւն կը տիրէր հոն, մեր սրտերուն մէջ, մեր շարքերուն մէջ, մարդիկ չէին գիտեր` ի՛նչ կրնան ընել, սակայն կ՛երթային որեւէ ձեւով օգնելու, զինուորին կողքին կանգնելու: Փառահեղ օրեր էին, երբ մենք անգամ մը եւս ամրապնդեցինք մեր հաւատքը մենք մեր նկատմամբ եւ գիտցանք, որ մենք ուժեղ ենք եւ կրնանք լաւապէս ու խրոխտ քայլերով յառաջ երթալ:

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Հարցազրույցն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031