Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Երուսաղէմի պատրիարքը դիմած է Թուրքիոյ սահմանադրական ատեան

Մարտ 22,2018 15:47

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը նախապէս իրեն պատկանող կալուածներու վերա­տիրա­նալու հա­մար դի­մած է Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեան։ Պատ­րիար­քա­րանը Պոլ­սոյ մէջ ու­նէր բազ­մա­թիւ կա­լուած­ներ, որոնք 1973 թուակա­նէն ետք գրա­ւուած էին պե­տու­թեան կող­մէ։ Երու­սա­ղէմի պատ­րիար­քա­րանը այդ գրա­ւումնե­րու դէմ իրա­ւական պայ­քար տա­րած էր Թուրքիոյ զա­նազան դա­տարան­նե­րէն ներս։ Սա­կայն իր բո­լոր դի­մումնե­րը ապար­դիւն մնա­ցած էին, որուն հե­տեւան­քով Երու­սա­ղէմի պատ­րիարք Նուրհան Արք. Մա­նու­կեան, իբ­րեւ վեր­ջին օրի­նական մար­մին դի­մած է Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանի, կը հաղորդէ “Ակօս”-ը։

Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը ան­ցեալին վերջ տուած էին պատ­րիար­քա­րանը ներ­կա­յաց­նող Սուրբ Յա­կոբի անուան հիմ­նարկի օրի­նական գո­յու­թեան։ Նշենք որ Երու­սա­ղէմի պատ­րիար­քա­րանը եւ Սուրբ Յա­կոբ հիմ­նարկը իրա­կանու­թեան մէջ նոյն մար­մինն են, քա­նի որ պատ­րիար­քա­րանի պաշ­տօ­նական անուանու­մին մէջ անգլե­րէնով պի­տի յի­շուիSaint James եւ արա­բերէն Մար Յա­կոբ անուննե­րով։ Բա­ցի այս օրուայ պատ­րիար­քը կ՚ըն­դունուի որ­պէս հիմ­նադրա­մի նա­խագահ։ Երե­ւոյթ մը, որ այնքան ալ հասկնա­լի չի թուիր Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն, որոնք պաշ­տօ­նապէս լու­ծարքուած կը հա­մարեն սոյն հիմ­նադրա­մը։

Այս մա­սին պատ­րիար­քա­րանի իրա­ւապաշտպան Ալի Էլ­պէ­յօղ­լու դի­տել կու տայ, թէ կա­րելի չէ Սուրբ Յա­կոբի հիմ­նարկը լու­ծուած հա­մարել, մա­նաւանդ երբ ան կը պա­հէ իր գո­յու­թիւնը այս անուանու­մով մի­ջազ­գա­յին իրա­ւական գետ­նի վրայ։ Մնաց որ Երու­սա­ղէմի պատ­րիար­քա­րանը արտերկրեան հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լա­լով Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը չեն կրնար անոր գո­յու­թեան մա­սին վճիռ ար­ձա­կել։ Փաս­տա­բանի փո­խան­ցած տե­ղեկու­թիւննե­րով յայտնի կը դառ­նայ թէ Նուրհան պատ­րիարք սե­փակա­նու­թեան իրա­ւունք կը պա­հան­ջէ աւե­լի քան 100 միաւոր կա­լուած­նե­րու վրայ եւ այդ պա­հան­ջա­տիրու­թիւնը յե­տայ­սու կ՚ակնկա­լուի Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանէն։

Վեր­ջերս այս դա­տերու վե­րաբե­րեալ թղթած­րարնե­րու քննարկման նպա­տակով Նուրհան պատ­րիարք այ­ցե­լած էր քա­ղաքս եւ հան­դի­պումներ ու­նե­ցած փաս­տա­բան Էլ­պէ­յօղ­լուի հետ։ Պատ­րիար­քի այս այ­ցե­լու­թիւնը կաս­կա­ծեալ եւ առեղ­ծուածա­յին մեկ­նա­բանուած էր «Ժա­մանակ» օրա­թեր­թի կող­մէ, որուն լրա­տուու­թեան դէմ պատ­րիար­քա­րանը փաս­տա­բանի մի­ջոցաւ հրա­տարա­կեց հեր­քում մը, փո­խան­ցե­լով զա­նազան ման­րա­մաս­նութիւններ թէ Նուրհան պատ­րիար­քի այ­ցե­լու­թեան եւ թէ շա­րու­նա­կուող գոր­ծընթա­ցի ման­րա­մաս­նութիւններու շուրջ։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031