Վարդան Պետրոսեանի հետ «Ազդակ»-ին հարցազրոյցը, ուր կեանքի դասերը կը տողանցեն` արուեստէն շատ աւելի անդին ու խոր:
«Ա.».- Վարդան Պետրոսեան ինչպէ՞ս կրցաւ իր այս ցաւը շրջանցել եւ զայն վերածել արուեստի: Բնական է, որ դուք` իբրեւ արուեստագէտ, իբրեւ մտաւորական ատիկա պիտի ընէիք, բայց քիչ մը դժուար է հաւատալ, որ նման բան իսկապէս իրականութիւն դարձաւ: Մարդիկ երբեմն իրենց ամէնէն մանր հարցերուն մասին կրկին խօսելէ կը խուսափին, իսկ դուք խրոխտ կանգնած էիք բեմին վրայ, իսկ այն հանդիսատեսը, որ մօտէն ու մնայուն կերպով հետեւեցաւ ձեր դատին եւ անցուցած դժուար փուլին շատ լաւ գիտէ, որ բեմին վրայ տեղի ունեցածը թատրոն չէ, այլ իրական կեանք է, այդ ալ` այս բոլորը ներկայացնողին կեանքը: Վստահաբար դիւրին չէր ուղին, կայի՞ն յուսահատութիւններ եւ նման գործ մը գլուխ հանելու կամքը մի՞շտ առկայ եղաւ ձեր մէջ:
Վ. Պ.- Ճիշդ է, որ այդ ժամանակաշրջանը հոգեբանօրէն շատ բարդ եւ դժուար փուլ էր ինծի համար. դիւրին չէր դիմակայել թէ՛ վերէն բանեցուող հոգեկան ճնշումները եւ թէ՛ տոկալ այն մթնոլորտին, որ կը ստեղծուէր դատական դահլիճներուն մէջ. եւ ես գիտէի, որ անընդհատ պէտք է լռեմ, որովհետեւ թակարդներ լարուած էին դիմացս. բանտակից ընկերներս ալ յաճախ կը զգուշացնէին զիս, որ երբեք չխօսիմ, որովհետեւ իմ արտասանած իւրաքանչիւր բառէս շատ բան կախեալ է. սխալ արտայայտութենէ մը կրնան կառչիլ եւ ինչ-ինչ պատմութիւններ հիւսել գլխուս: Ուրեմն ես պէտք էր լռէի, լռէի, լռէի, ինչ որ շատ դժուար էր ինծի համար, երբեմն աթոռը այնքան ամուր կը սեղմէի, որ կարծես պիտի կոտրուէր, սակայն այդ բոլորը կը տանէի` քաջ գիտնալով, որ պէտք չէ ձայն հանեմ, հակազդեմ. այդ ամբողջ աղմուկ-աղաղակը, այդ սարսափելի մթնոլորտը իմ լռութեանս դիմաց կը շրջէին ու կը թափէին այդ բոլորը ստեղծողներուն վրայ:
Միւս կողմէ` ես լաւապէս կը հասկնայի, որ ինծի` իբրեւ յայտնի անձնաւորութեան, իբրեւ որոշ ժողովրդականութիւն եւ փառք վայելող անձի, հաւատացէք, կեանքի մէջ անհրաժեշտ են նման զրկանքներ եւ նուաստացումներ. նուաստացումներ անհրաժեշտ են, որպէսզի իւրաքանչիւրս սորվի խոնարհ ապրիլ, նուաստացումները խոնարհութեան դեղահատերն են:
Կը մտածէի, որ եթէ ինծի դէմ կը կիրարկուին նման բաներ, որքան դժուար է պարագան, երբ այդ բոլորը կրողը սովորական քաղաքացի մըն է, որ բանտին մէջ կը փտի իբրեւ սովորական ապրանք, ատիկա որքան ծանր է իրեն ու իր ծնողներուն համար: Դուք տեսաք, թէ ինչպէ՛ս աշխարհը կանգնած էր իմ թիկունքիս` փաստաբաններ, ազգականներ, երկրպագուներ, մեծ աստղեր` Ազնաւուր, Ալեն Տըլոն եւ այլն, ֆրանսական մամուլ, Հայաստանի մտաւորականութիւն եւ շա՜տ շատեր: Բայց չէ՞ որ կան մարդիկ, որոնք այս բոլոր կարելիութիւնները չունէին, անոնք մոռացութեան ենթարկուած էին, մութ անկիւն մը նստած էին, զրկուած` սնունդէն, իրենց բանտակից ընկերոջ վրայ դրած էին իրենց յոյսերը: Անոնք ի՞նչ պիտի ընէին:
Ուրեմն ես լաւապէս հասկցայ, որ անհրաժեշտութիւն է այս բոլորը մարսել ու ապրիլ աւելի խոնարհ: Ասիկա ինծի համար խոնարհութեան մեծ դպրոց էր, եւ կը կարծեմ, որ բաւական խոնարհութիւն ձեռք ձգեցի. ի դէպ, ըսեմ, որ մարդ խոնարհութիւն ձեռք կը ձգէ այնքան, որքան կը կորսնցնէ իր փառասիրութիւնը: Ասիկա շատ կարեւոր բան է. խոնարհութիւնը մեր մէջ եղող գանձ է, հողին մէջ պահուած մեծ գանձ, որ կեանքի ընթացքին այդ նուաստացումներուն շնորհիւ հողէն դուրս գալով` կը մաքրուի քիչ քիչ եւ խոնարհութիւնը լոյս աշխարհ կու գայ, իսկ մենք խոնարհութիւն ձեռք կը ձգենք մեր կորսնցուցածին չափ. որքան բան կորսնցնես, այնքան կը դառնաս խոնարհ: Իսկ ասիկա մարդուն դիմաց նոր ճամբայ մը կը բանայ, բոլորովին նոր եւ իւրայատուկ ուղի մը, հոգեւոր ուղի մը, ուր քու չափանիշները ուրիշ են, նոյն նպատակները կան, բայց միջոցները այլ են, ուր լոյսը աւելի պարզ ու յստակ կը տեսնես, ուր աւելի պինդ ես եւ կրնաս օգտագործել այդ զրկանքները, նուաստացումներն ու դառնութիւնները իբրեւ տիեզերքի մեծագոյն բժիշկին` քեզի տուած դեղահատերը:
Գիտէք` ես միշտ իմ բանտակից ընկերներուս կ’ըսէի, որ գոյութիւն ունի երեք առողջութիւնը` մարմնական, հոգեկան եւ հոգեւոր: Մարմնական առողջութեամբ կը զբաղին աշխարհի բժիշկները. կ’երթաս, կը քննեն, դեղահատեր կու տան. այսինքն` մարմնական առողջութեան համար անհրաժեշտ է բժիշկ, ճիշդ սնունդ կամ դեղահատ, բայց հոգեկան առողջութեան համար անհրաժեշտ է ջերմ, մխիթարող խօսք. կայ նաեւ հոգեւոր առողջութիւն, որ կ’ենթադրէ առկայութիւնը միւս բոլոր առողջութիւններուն, որովհետեւ հոգեւոր առողջութենէն կախեալ են միւս առողջութիւնները, իսկ հոգեւոր առողջութեան համար անհրաժեշտ է զրկանք:
Եւ ես հոգեւոր առողջութեան դեղահատեր կ’առնէի` զրկանքի ձեւով, կ’ընդունէի զանոնք հլու, խոնարհ, բայց մեր տիեզերքի ստեղծիչ Արարիչին համար` խոնարհ: Ոմանք կը փորձէին սխալ հասկնալ եւ մեկնաբանել այդ խոնարհութիւնը, իբր թէ` առջեւը այն մարդոց, որոնք կը փորձէին նուաստացնել զիս. երբեք այդպէս չէր, անոնց դիմաց ես զգաստ, զուսպ ու հանգիստ կը փորձէի ըլլալ, չտարուիլ զգացումներով, իսկ ամբողջ խոնարհութիւնը Աստուծոյ առջեւ կը դնէի, կը սփռէի:
Ա՛յս էր այն որակը, զոր ես պիտի ստանայի եւ ստացայ, ա՛յս էր, որ կը նախապատրաստէր իմ դուրս ելլելս, ա՛յս էր, որ նորովի կը պատրաստէր իմ բեմ վերադարձս` կրկին Վարդանը, կրկին նոյն չարաճճին, մեր եղբայրը, մեր որդին, ինչպէս Սօս Սարգսեանը կ’ըսէր` «Էլի մեր զաւակը», բայց այս անգամ` քիչ մը ուրիշ:
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Հարցազրույցն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում