ՍԻՏՆԻ.- Երկուշաբթի, 19 Մարտին, «Արմինիա Թի.Վի.»էն (Armenia TV) Նորա Սեւակեան կը հաղորդէ, թէ «Ֆէյսպուք»ով եւ «Արմինիա Ռատիօ»ի (Armenia Radio, FM 99.3) ուղիղ եթերով, Ազնիւ Ինկիլիզեանի հաղորդավարութեամբ, երեկոյեան ժամը 7էն 10։30 հեռարձակուեցաւ Արցախի զօրակցական թելեթոնը: Հաղորդավարներուն ընկերակցեցան խումբ մը օգնականներ, իսկ յայտագիրին հարցազրոյցներով մաս կազմեցին համայնքի ղեկավարներ:
Յաջորդաբար, հեռատեսիլով թէ ռատիոյով, հարցազրոյց տուին Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան, Աւստրալիոյ մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան խոր-հրդատու Հանրիէթ Անդրիասեան, «Գօլստըն» Ճեմարանի տնօրէն Էտի Տէմիրճեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան:
Նախարար Յարութիւնեան դրուատանքով արտայայտուեցաւ կատարուածին մասին եւ մաղթեց, որ այս մէկը օրինակ ծառայէ այլ համայնքներու:
«Մենք Արցախի մէջ ազգ է որ կը կերտենք եւ ընտրած ենք ժողովրդավարութեան ուղին՝ հասնելու համար խաղաղութեան, որուն արժանի է մեր ժողովուրդը: Գովելի է Աւստրալահայ համայնքը՝ իր կազմակերպուածութեան եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութեան համար» ըսաւ նախարարը:
Արցախի «Ապառաժ» թերթի խմբագիրներէն Արմինէ Նարինեան, որ ներկայ էր նախաձեռնութեան, հարցազրոյց ունեցաւ Նորա Սեւակեանի հետ:
«Արցախի մէջ մենք կը զարմանայինք, երբ լսէինք, թէ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ հանգանակութիւններ կը կատարուին Արցախի բարօրութեան համար: Իսկ հիմա երբ աչքովս կը տեսնեմ այս խանդավառութիւնն ու խրախուսիչ մթնոլորտը հպարտ կը զգամ Աւստրալահայ գաղութով», ըսաւ Նարինեան:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում