Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ին, սուրիական բանակի Արեւելեան Ղութայի ռազմական գործողութիւններու հրամանատարներէն մէկը ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին յայտնած է, որ Արեւելեան Ղութայի ալ Շիֆոնիէ շրջանի ականազերծման ընթացքին, սուրիական բանակը յայտնաբերած է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հիմնուած քիմիական թունաւոր նիւթեր արտադրող գործարան մը, ուր կը գտնուէին սէուտական արաբիական սարքեր եւ արեւմտեան երկիրներու արտադրած ինքնապաշտպանութեան գործիքներ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Հրամանատարը դիտել տուած է, որ գործարանը կը գտնուի Տումայի եւ ալ Շիֆոնիէ շրջաններուն միջեւ: Ան կը բաղկանայ երկու յարկէ եւ գետնայարկէ մը: Գործարանին մէջ թթուածինի եւ որոշ հեղուկներու խառնուրդ քիմիական նիւթերուն կողքին յայտնաբերուած է քլոր թունաւոր կազ: