Պոլսահայ սիւնակագիր Օհաննէս Քըլըչտաղըն Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ անդրադարձած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին Արամ Աթէշեանի վերանշանակումէն ետք պոլսահայ համայնքին մէջ շարունակուող ճգնաժամին:
Քըլըչտաղը կը նկատէ, որ Աթէշեան վերանշանակումէն ետք«վրէժ» կը լուծէ բոլոր անոնցմէ, որոնք իրեն դէմ եղած են եւ համարձակած քննադատելու:
«Ան կը պատժէ անոնց, որոնք քաջութիւն ու պատիւ դրսեւորած են՝ ընդդիմանալով իրեն: Ան այդպէս կ՛ընէ, որպէսզի միւսներուն ալ դաս ըլլայ», – «Թերթ»-ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ սիւնակագիրը` յիշատակելով Պոլսոյ Գեդիկփաշայ թաղամասի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Զաւէնը տեղի համայնքէն հեռացնելու ու եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Յարութիւն Շանլըին հրաժարական տալ պարտադրելու նախադէպը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Գանձասար»–ի կայքում