Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

Արցախ երբեք մաս չէ կազմած եւ պիտի չկազմէ Ատրպէյճանին. ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմին

Մարտ 12,2018 11:18

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ արցախեան շարժումի 30-ամեակին առիթով լիբանանեան մամուլին յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի յառաջացման` ընդգծելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը 1991-էն անկախութիւն հռչակեց` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն եւ անկախ պետութեան ստեղծման համար միջազգային օրէնքի դրոյթներուն վրայ:

Մարմինը նշեց, որ ի տարբերութիւն բռնատիրական Ատրպէյճանի, Արցախի Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հանրապետութիւն մըն է, եւ այդտեղ ժողովուրդն է, որ կ՛իշխէ ազատ ընտրութիւններու, հանրաքուէներու եւ սահմանադրութեան ճամբով:

Մարմինը կը յայտնէ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը յստակօրէն եւ ամբողջական կերպով կը զօրակցի տագնապի խաղաղ լուծման, ինչ որ սուր կերպով կը հակադրուի Ատրպէյճանի որդեգրած ռազմատենչ քաղաքականութեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը կը նշէ, թէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովի Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ ներումը, պաշտօնի իրերայաջորդ բարձրացումներն ու նպաստներու տրամադրումը յստակ պատգամներ են, թէ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը հիմնուած է հայերու նկատմամբ ատելութեան, խտրականութեան, ցեղապաշտութեան եւ սպանութեան մտադրութեան վրայ: Աւելի՛ն. Ատրպէյճան կը շարունակէ 1994-1995-ին կնքուած զինադադարը խախտել եւ ապրիլ 2016-ին իր շղթայազերծած անարդարանալի յարձակումին ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի ոճով գլխատումներ եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ ահաւոր ոճիրներ գործեց: Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը չի կրնար մաս կազմել Ատրպէյճանի, որուն փտածութիւնն ու բռնատիրութիւնը հանրածանօթ են: Մարմինը ընդգծեց, որ Արցախ երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանին եւ երբեք ալ պիտի չկազմէ:

Մինչ այդ, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը նոյն առիթով նոյնպիսի նամակներ յղած էր Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի, ԵԱՀԿ-ի նախկին, ներկայ եւ յառաջիկայ նախագահող երկիրներ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Իտալիոյ եւ Սլովաքիոյ, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Ճափոնի, Աւստրալիոյ, Հոլանտայի, Վենեզուելայի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Չիլիի` Լիբանանի մէջ դեսպաններուն, եւ անոնց պետութիւններուն կոչ ուղղած` ճանչնալու «շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան փարոս» եւ «միջազգային ու ժողովրդավարական պետութիւններու ընտանիքներուն անդամակցութեան արժանի» եղող Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Մարմինը կը շարունակէ այդ նամակէն օրինակներ յղել նաեւ Լիբանանի մէջ այլ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը անջատ նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Եան Վալթմանզին` իր գնահատանքը արտայայտելով Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու բանաձեւերու որդեգրումին համար:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031