Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հարց կուտանք թէ ի՞նչ պետք է ընել սփիւռք(ներ)ի համար և չենք ըներ. «Հայրենիք»

Մարտ 10,2018 11:09
spyurq

«Հայրենիք».Երեսուն տարիէ ի վեր սփիւռք(ներ)ի մէջ ազգասէրի եւ իմաստունի հռոմէացի ծերակուտականի պարեգօտ կը հագնինք եւ բեմերէ, անվերջանալի խորհրդաժողովներու ընթացքին եւ մեծանուններու հետ ճաշկերոյթներու սեղանին շուրջ, հարցում կ’ուղղուի եւ պատասխան կը տրուի, թէ ի՞նչ պէտք ընել Հայաստանի համար, ի՞նչ կ’ընենք Հայաստանի համար:

Կարծէք սփիւռք(ները) ազգին դրախտն է եւ անոր համար ընելիք չկայ: Ոչ ոք կը հարցնէ, թէ իրապէս ի՞նչ պէտք է ընել սփիւռք(ներ)ի համար եւ ինչո՞ւ: : Ոչ ոք կը հարցնէ թէ սփիւռք(ներ)ը ի՞նչ պէտք է ընեն եւ ինչո՞ւ:

Ութերորդ դարու առաջին քառորդի Յովհաննէս Օձնեցի իմաստասէր կաթողիկոսը, Դամասկոսի էմիրը տպաւորելու համար իր մօրուքին ոսկի փոշի կը ցանէր: Այնպէս ալ սփիւռք(ներ)ը, դուռ-դրացի եւ ինքզինք տպաւորելու համար իր հիւրընկալներու ունեցած եկեղեցիներէն, ակումբներէն, թանգարաններէն, դպրոցներէն աւելի գեղեցիկները եւ փարթամները կը կառուցէ: Նաեւ այդ կ’ընէ ներազգային մրցակցական-ջոջական մանրուքներու համար: Նոյն փողոցին մէջ եւ երբեմն ալ պատկից հայկական դպրոցներու եւ եկեղեցիներու չէ՞ք հանդիպած:

Դեռ չգտնուեցաւ մէկը, որ հարցնէ, թէ այդ բոլորի վախճանական նպատակը (finalité) ի՞նչ է: Այսինքն՝ ինչո՞ւ այդ բոլորը: Որո՞ւ համար:

Իհարկէ, այդ բոլորը կը կատարուի թէական հզօր սփիւռքի մը համար, կարծէք այդ հզօրութիւնը տեւական ըլլալու երաշխիք է, մարգարէական այն դատարկաբանութեան ուղիղ գիծին վրայ, որ մենք համաշխարհային ազգ ենք:          Հարկ է հակիլ ՍՓԻՒՌՔ յղացքով եկող կացութիւններու վրայ, հասկնալ անոր ժամանակակից ըմբռնումը եւ հոլովոյթը: Այսօրը եւ վաղը:

Հին ժամամանակներու յունական սփիւռք-diaspora-էն ետք, յղացքը կը գործածուէր մասնաւորաբար հրեաներու կացութեան համար, կամ կրօնական համայնքներու, որոնք իրենք զիրենք գտած կ’ըլլային այլ ժողովուրդներու մէջ, որպէս փոքրամասնութիւն, ինչպէս օսմանեան կայսրութեան միլլէթները:

Սփիւռք-կացութիւնը անբնական էր, եւ է, հաւաքականութեան համար, նկատի ունենալով որ հետեւանք է ճնշման այլազան ազդակներու: Անոնք կազմուած կ’ըլլան գաղթականներէ, որոնք խոյս կու տան եւ կամ կը հեռացուին իրենց բնիկ աշխարհագրական տարածքներէն, ուր ապրած կ’ըլլան նախնիներ: ՍՓԻՒՌՔ-diasporaի ներկայի ըմբռնումը եւ զգացումները չունին անցեալի եղերա-ողբերգական թելադրականութիւնը միջազգային վերաբերումներու եւ նոյնինքն պարտադրուած գաղթականութիւններու համար: Նոյնիսկ մեր պարագային, երբ սերունդ փոխուած է, սփիւռքը դադրած է խզման, կորուստի, անջատման, ցաւի իր հաստ յուզականութենէն: Մերուելու (intégré) ընթացքին, նոր մշակոյթներ եւ կենցաղ հայ գաղթականներու սփիւռքըդարձուցած են համայնքներ, նոյն ընթացքի գիծին վրայ, քաղաքացիական տարբերութիւնները ջնջող ըմբռնումով՝ ծագումով հայեր:

Վերջին տարիներու նոր գաղթականութիւները այսօր կը ներկայանան որպէս այդպիսին: Քաղաքական, տնտեսական կամ բնութեան տարերքի յառաջացուցած պատճառներով տեղափոխուողները, անմիջական վաղուան սփիւռք(ներ)ը պիտի ըլլան, եթէ զիրենք ընդունող երկիրներուն մէջ չյաջողին իրենց տեղը գտնել, պատշաճիլ, կամ ընդունողները քաղաքակրթական, մշակութային եւ տնտեսական արգելքները չկարողանալով յաղթահարել, զանոնք համարկել: Ֆրանսայի լեհերը (փոլոնացիները) չեն զանազանուիր ֆրանսացիներէն, նոյնիսկ եթէ դեռ կը պահուին անուններ եւ ազգանուններ, քանի որ չունին ցեղային եւ կրօնական արմատապէս տարբեր յատկանիշներ:

Մերօրեայ գաղթականութիւնները, որոնք վաղուան համայնքներն են, վաղուան նոր սփիւռքները, համարկուելու եւ մերուելու, հուսկ՝ ձուլուելու ենթակայ են: Ֆրանսայի պէս երկրի մը մէջ, քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք ծագման տարբերութիւնները օրէնքով կը չքանան: Չինացին, քոնկոցին, հայը, հրեան, բոլորը ֆրանսացի են, առանց կրօնական, ծագման, մորթի գոյնի տարբերութիւններու: Այս նոր գաղթականութիւնները սփիւռք կը համարուին, այդպէս պիտի համարուին երբ հաստատուին, արմատաւորուին իրենց կայք հաստատած երկիրներուն մէջ: Յետո՞յ…  Բոլոր գաղթականութիւնները, համայնք եւ սփիւռք դառնալու ընթացքին, կը փորձեն կապեր պահել իրենց հայրենիք երկրին հետ, զգացական, յիշատակներու եւ խոհանոցի: Բայց քաղաքացիական եւ հաւասարութեան իրաւունքները, յարաբերութիւնները, մշակութային նոյնութիւն ստեղծող կրթական համակարգը, սփիւռքներուն աստիճանաբար մոռցնել կու տայ այլ պատկանելիութիւններու գիտակցութիւնը: Միամիտ եւ զգացական պէտք է ըլլալ, հաւատալու համար, որ սեփական բնավայրէն եւ սեփական ժողովուրդի հետ համախումբ կեանքէն հեռանալէ ետք, սփիւռքի (ոչ միայն հայկական) սկզբնական պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, նոյնիսկ երբ ան ծնունդ կու տայ յանձնառութիւններու, դատապարտուած չէ մաշումի: Ինչպէս երբեմն կ’ըսենք, ժամանակ մըն ալ պահելով ծագման յուշեր, ընդունուած տարազով, դառնալով այս կամ երկրի քաղաքացի՝ այս կամ այն ծագումով:

Ինչ որ էր պարագան հին յունական սփիւռքին, այսօր կարելի չէ: Մեր թուագրութենէն առաջ, եօթներորդ դարուն միջերկրականի աւազանին մէջ ստեղծուած յունական սփիւռքը ինքզինք մայր երկրէն եւ մշակոյթէն չէր կտրած, չէր կտրեր, կը պահէր սերտ կապեր մայր հայրենիքին հետ, եւ մշակոյթը հասարակաց էր բոլորին, անոնք կ’ապրէին, կը խօսէին, կը գրէին եւ կը ստեղծագործէին աթենացիներուն պէս, աանց շրապատին նմանելու:

Յոյները իրենց տարածումը միջերկրականի աւազանին մէջ երբեք չէին նկատած որպէս գաղթականութիւն: Կացութիւնը բնորոշելու համար  ըսած են apoikia, որ կը նշանակէ երթալ հայրենիքէն հեռու, որ վերջնականի բնոյթ չունի, գաղթականութիւն չէ, սփիւռք չէ: Մեր թուագրութեամբ եօթներորդ դարուն է որ սկսած է գործածուիլ սփիւռք եզրը, մասնաւորաբար մէկ ժողովուրդի համար, անհայրենիք եւ անպետութիւն հրեաներու: Բայց հրեաները իրենք իսկ չեն ուզած գործածել սփիւռք եզրը, իրենց խմբաւորումը բնորոշելու համար, ըսած են կալութ: Այսինքն՝ աքսոր: Հակառակ անոր որ հրեական սփիւռքը աւելի քան երկու հազար տարուան պատմութիւն է, եւ հրեաները կը թուին լաւապէս մերուած ըլլալ շրջապատին, անոնք ինքնութիւն պահած են, իրենց կացութիւնը երբեք չեն համարած վերջնական, այլ՝ աքսոր, այսինքն ժամանակաւոր, չեն ըսած՝ որ համաշխարհային ազգ են: Անոնք միշտ պահած են վերադարձի հզօր կամքը: Անոնք հաւատացին, որ Աստուած կրկին իրենց ժողովուրդը պիտի միացնէր եւ վերջ տար աքսորին:

Կրօնական եւ քաղաքական պատճառներով կը գործածուի Սփիւռք եզրը, որ կ’ենթադրէ ակամայ եւ պարտադրուած տարտղնում մը, հեռացում մայր հողէն, մշակոյթէն եւ ժողովուրդէն, այդ հեռացումը երբեք չհամարելով նորատեսակ ազգի մը սկիզբ, ինչպէս որ այդ կը թելադրէ կացութիւնը վերջնական համարելու  համաշխարհային ազգ ըլլալու իր գերութիւնը որպէս այդպիսին չընդունելու ինքնարդարացման հանգստաւէտութիւնը:

Ազգի մը պարագային, երբ անոր սփիւռքը աւելի բազմանդամ է քան անոր ծագման երկրի բնակիչներու համրանքը, ի՞նչ կ’ըլլան հետեւանքները: Գիտակցական-զգացական կապը մինչեւ ե՞րբ կրնայ տեւել եւ ի՞նչ բանի կը ծառայէ, քաջ գիտնալով, որ սփիւռք-ազգը չի կրնար տեւել քաղաքակրթական եւ մշակութային հզօր ուղղակի-անուղղակի ճնշումներու ազդեցութեան տակ: Հրեական սփիւռքը դիմացած է, բայց անոր անդամները ստեղծած են մշակոյթ եւ գիտութիւն զիրենք ընդունած երկիրներուն մէջ եւ համար:

Նուազ համեմատութեամբ՝ հայերը: Բախտաւոր պարագային, սփիւռք մը կրնայ նպաստ դառնալ ծագման երկրին, նիւթապէս եւ քարոզչութեամբ: Բայց այդ երկիրը եւ անոր բնակչութիւնը առաջին հերթին պէտք ունին համրանքի, որ եթէ նուազի, երկիրը կը տկարանայ, բացականերուն տեղ կու գան ուրիշներ, երկիրը նկարագիր կը փոխէ, տեղի կ’ունենայ փոխարինում: Պատմութիւնը բեմն է այդ փոխարինումներուն. Ասորիք եւ Բիւզանդիոն:

Սփիւռքները, անոնք ըլլան հայկական, հրեական եւ այլ, իրենց այգային ինքնուրոյնութիւնը կը պահեն մինչեւ այն ատեն, որ վառ կը պահեն վերադարձի երազը, հասարակաց արմատի հաւատքի ենթահողին վրայ, որ կրնայ տեւել եթէ վերադարձողներու օրինակը ըլլայ, եթէ անոնք պարտականութիւն համարեն յանձառու ըլլալ մայր երկրի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան, եթէ կապերը սոսկ զգացական չըլլան: Հոս կը դրուի շատ լուրջ խնդիր մը. սփիւռքները ինչպէ՞ս պիտի սահմանեն իրենք զիրենք, ինչպէ՞ս կը սահմանեն իրենք զիրենք, որպէս ի՞նչ կ’ընդունուին շրջապատէն: Սփիւռքներու համար ընդունուած բացատրութիւնները եղած են եւ են, անհող համայնք,փոքրամասնութիւն: Երբ սփիւռք մը կը մոռնայ, որ ինք չէ ընտրած այս ընկերաքաղաքական վիճակը, հետեւանք տարբեր բնոյթի անհանդուրժողութեան եւ հալածանքներու, դատապարտուած կ’ըլլայ կորսնցնելու իր ծագման ազգային գիտակցութիւնը, աստիճանաբար ըլլալու այլ, որուն տրուած է ծանօթ բնորոշումը՝ ձուլում (assimilation):

Սփիւռք մը, ինչ պայմաններու մէջ ալ յառաջացած ըլլայ, կը կորսնցնէ իր ազգային եւ տարբերութեան նկարագիրը, եթէ անհատներու կեանքին մէջ բացակայի հաւաքական յիշողութիւնը, զոր պէտք չէ շփոթել կարգախօսային տարազներու հետ, որ լայն առումով մշակոյթ է, ոչ սոսկ ընտանեկան կապեր եւ յիշողութիւններ: Ազգային եւ տարբերութեան նկարագիրի պահպանումը կը պահանջէ յանձնառութիւն, որ կը դառնայ շատախօսութիւն, եթէ չներառնէ վերադարձի գաղափարը, որ կ’ենթադրէ հայրենիքի, համրանքի եւ ինքնութեան պպաշտպանութիւն, ազգի իրաւունքներու վերականգնում:

Ի հարկէ, նման ընկերաքաղաքական ընթացք կը դժուարացնէ սփիւռք ընդունած երկրին հետ յարաբերութիւնները, քանի որ հոգեկան-ոգեկան կապերը նոյն մեկնակէտը եւ նոյն նպատակը չեն հետապնդեր, նոյնիսկ եթէ ըսուի թէ փոխադարձ հարստացում տեղի կ’ունենայ: Հարստացում, այո՛, սփիւռքը ընեդունած երկրին եւ մշակոյթին համար, բայց ոչ նոյն այդ սփիւռքին համար, քանի որ իրաւ կամ ենթադրեալ հարստացումը փոխադրելի չէ: Այս ձեւով պէտք է դատել նաեւ հայկական սփիւռքը, հին եւ նոր: Մեծ գրող Հանրի Թրուայան հարստացուցած է ֆրանսական գրականութիւնը, մեզի ձգելով սնապարծական քարոզչութեան իրաւունքը: Այս նաեւ նորերուն համար: Տաղանդաւոր հայ դաշնակահարը, որուն զօրավիգ կանգնեցան Հայաստան եւ սփիւռքը, ի վերջոյ գնաց հաստատուեցաւ օտար երկիր եւ կը ծառայէ անոր երաժշտանոցին մէջ: Արդիւնք՝ ոչինչ ազգին եւ սփիւռքի համար:

Սփիւռք եզրի գործածութիւնը, բնորոշելու համար քաղաքական հալածանքներու, սովի, հայրենահանման հետեւանքով հայրենիքէ հեռացած հաւաքականութիւնները, բացասական կացութեան ընկերամշակութային հանդուրժելի-ընդունելի սահմանում մը տալու ճիգ է, սպասելով, որ ժամանակի թաւալման հետ, ֆիզիքական հեռացման ընկերանայ եւ հետեւի հոգեկան-ոգեկան հեռացումը: Այս հոգեկան-ոգեկան հեռացումը կը զարգացնէ տուեալ սփիւռքի վերջնական ըլլալու բնոյթը: Այսինքն, վերադարձը կը դադրի օրակարգ ըլլալէ, շարունակութիւն ըլլալու կարելիութիւնները կը նուազին, մինչեւ որ…Մինչեւ որ սփիւռք(ներ)ը դադրի ինք զինք տեսնելէ որպէս աքսորականի: Սփիւռքը, հայկական կամ ոչ, հակառակ խօսուածի եւ գրուածի, երբեք չի կրնար վերականգնիլ որպէս ազգ, չունենալով ոչ մէկ անցեալ եւ արմատ զինք ընդունած երկրին մէջ: Այսպէս, հայկական սփիւռք(ներ)ը «հայրենիքին օգնելու» իրարանցումներ կրնայ ունենալ, բայց պէտք է գիտնալ, որ «ազգային ծառայութիւնը» տարբեր որակ է, առօրեայ մասնակցութիւն է, միասին ըլլալով եւ միասնաբար կերտելով ազգի մը ապագան:

Սփիւռք մը որքան որ ալ հզօր ըլլայ այսօր, ինչպէս է հրեական սփիւռքը, իր ապրած երկիրներուն մէջ ունեցած տնտեսաքաղաքական ազդեցութեամբ ի նպաստ Իսրայէլի, պէտք է հասկնալ որ ան յաւերժական պիտի չըլլայ: Այս գիտակցութեամբ է, որ հրեաներու հայրենադարձութիւնը կը շարունակուի, մարդիկ հոն կ’երթան իրենց գիտութեամբ եւ նիւթական միջոցներով, ոչ թէ դէպքերու ճնշման տակ ապաստան գտնելու համար: Հրեաներու բաղդատած հայկական սփիւռքը նոր է, բայց ան չի զարգացներ վերադարձի գաղափարախօսութիւնը, Հայաստանն ալ իր կարգին, հայրենադարձութեամբ զօրանալու պահանջ ունենալով հանդերձ, անմիջական եւ հեռանկարային քաղաքականութիւն եւ կազմակերպութիւն չունի հայրենադարձութեան օրակարգով: Սփիւռք(ներ)ի եւ Հայաստանի «խորհրդաժողովներ»ը այլ հարցերէ առաջ, պարտականութիւն պէտք է համարեն «հայրենադարձութեան» շուրջ գաղափադախօսութեան զարգացումը, նախաձեռնութիւնները, միջոցներու ստեղծումը եւ իրականացումը: Սփիւռք(ներ)ը պիտի հասկնայ, որ հակառակ մեծ շէնքերու եւ ազգի աւելի քան կէս համրանքի, ժամանանակաւոր է, իսկ Հայաստան, մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ, պէտք ունի իր ինքնութիւնը պահած համրանքին: Այսինքն բնակուած հայրենիքն է որ ազգ կը պահէ:

Հայ ժողովուրդը համաշխարհային ազգ չէ, սփիւռքը որպէս ազգային հաւաքականութիւն յաւերժական չէ: Նման մտածումներ ընկերաքաղաքական եւ պատմական անհեթեթութիւններ են: Մեր ժողովուրդին ինչպէ՞ս բացատրել այս պարզ բայց միաժամանակ անհանգստացնող իրողութիւնը, որպէսզի անոր հետեւին ազգային իրաւութեամբ յատկանշուող յանձնառութիւնները: Սփիւռքը յաւերժական չէ, հակառակ խաղցուող թատրոնի, զանազան պատճառներով Հայաստանէն ալ քաջալերուած: Հայ կեանքը Հայաստանի մէջ պիտի շարունակուի: Հոն է միայն որ ազգը իր ինքնուրոյնութեամբ շարունակութիւն պիտի ըլլայ:

Այսքան պարզ ճշմարտութիւն, ամէն բնոյթի ղեկավարութիւնները պարտաւոր են ըսել եւ կրկնել Հայաստանի ժողովուրդին, սփիւռք(ներ)ի համայնքներուն եւ «ծագումով հայեր»ուն: «Ծագումով հայեր»՝ որոնցմէ ակնկալուածը այլ ազգերու թուական բազմացումն է:

Եւ միշտ պէտք է կրկնել, անձանձրոյթ կրկնել Վիգէն Խեչումեանի բոլոր սրահներու, բեմերու եւ խորաններու վրայ ոսկի եւ լոյսի տառերով գրուելիք խօսքը. «ՕՏԱՐԻ ԴՐԱՆԸ ՔԵԶ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՀԻՒՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՉԱՍԵՆ ԾԱՌԱՅ»….

Յ. Պալեան 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031