Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան հայ պատագամաւոր Կարօ Փայլան Twitter-ի իր էջին գրած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութեան պատգամաւորներու յարձակման մասին:
«Երէկ AKP-ի պատագամաւորները խորհրդարանին մէջ փորձեցին մեզի հետ ինքնադատաստան տեսնել: Իրենց բարբարոսութիւնները ամէն տեղ ցոյց կու տան: Ֆաշիստներու դէմ ամէն տեղ դիմադրութիւն ցոյց պիտի տանք: Եւ ի հարկէ պիտի յաղթենք»:
Milletvekillerimiz, cezaevinde tutulan DBP Eş Genel Başkanı Mehmet Arslan'a yapılan işkenceyi AKP Hükümetine sordu: Neden susuyorsunuz? pic.twitter.com/hrPa2z8AND
— HDP (@HDPgenelmerkezi) March 8, 2018