Բերիո լուրեր. Սուրիական բանակի տեղեկատուական բաժանմունքին համաձայն, մինչ սուրիական բանակը իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առաւ Պէյթ Սաուա գիւղը, զինեալներու պաշտպանական գիծերը փուլ եկան եւ սկսան զիրար մեղադրել գիւղի կորուստին համար:
Սուրիական բանակը յաջողած է Արեւելեան Ղութան բաժնել հիւսիսային եւ հարաւային մասերու:
Շարք մը զինեալներ Հաուշ Աշարի շրջանէն փախուստ տուած են դէպի Աֆթարիս գիւղ:
Յիշեցնենք, որ ռուսական բանակը զինեալներուն առաջարկած էր իրենց ընտանիքներուն հետ հեռանալ ապահով անցքէ մը: