Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայ Իրաւաբանական Միութիւնը կը դատապարտէ Րաֆֆի Տուտագլեանի դէմ յարձակումը

Մարտ 08,2018 10:32

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Իրաւաբանական միութեան Հայկական իրաւանց դէտ յանձնախումբը Մարտ 4 թուակիր յայտարարութեամբ մը խստօրէն կը դատապարտէ հրապարակագիր, «Թիւֆէնքեան» բարեգործական կազմակերպութեան Հայաստանի եւ Արցախի նախաձեռնութեանց տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանի դէմ կատարուած վայրագ յարձակումը՝ նշելով, որ Տուտագլեան իր յօդուածներուն մէջ յաճախ քննադատած է Հայաստանի իշխանութեանց քայլերը։

Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ մինչ յարձակումին դիմած անձերուն ինքնութիւնը յայտնի չէ անոր պատճառը շատ հաւանաբար Տուտագլեանի արտայայտած կարծիքները եղած են, իսկ իր «յանցանքը» եղած է՝ քաղաքացիական հասարակութեան մտահոգութիւնները սուր եւ անվախօրէն արտայայտելը։

«Տեղի ունեցած յարձակումը փորձ մըն է՝ այլախոհութիւնը լռութեան մատնելու, անկախ մտածողները լուսանցքայնացնելու եւ վախ տարածելու։ Անոնք, որոնք Րաֆֆի Տուտագլեանի դէմ նման վայրագութիւններ հրահանգելը կենսական կը նկատեն, պէտք է դուրս գան Պէյրութի հայկական պատմական թաղերէն եւ պէտք է գտնեն իսկակա՛ն թշնամիները։ Անոնք, որոնք կուրօրէն կը հետեւին Րաֆֆի Տուտագլեանի նմանները խոշտանգելու իրենց ղեկավարներու հրահանգներուն, պէտք է գիտակցին, որ նման հրահանգներ հակառակ արդիւնք կու տան եւ վնաս կը հասցնեն մեր հաւաքական Դատին։ Մենք կը դիմագրաւենք արիւնարբու իսկական թշնամիներ, որոնց ատելավար քայլերը վտանգի տակ կը պահեն հազարաւոր հայ զինուորներու կեանքը։ Յստակ է, որ բարեգործական գործունէութիւն մշակող եւ ազատ ու սահուն գրիչով օժտուած գրող մը մեր իսկական թշնամիներէն մէկը չէ՛», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Րաֆֆի Տուտագլեան Երկուշաբթի, Փետրուար 26ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մօտերը, անծանօթներու կողմէ ենթարկուեցաւ յարձակումի մը, որուն իբրեւ հետեւանք անոր քիթը կոտրուեցաւ եւ աչքը վնասուեցաւ։

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031