Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2018ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի մէջ անծանօթներու կողմէ յարձակման ենթարկուած Ռաֆֆի Տուտագլեանի հարցին գծով անհրաժեշտ կը նկատենք կատարել հետեւեալ յստակացումները.-
ա) Ռաֆֆի Տուտագլեանի նկատմամբ կատարուած յարձակումը անընդունելի է եւ դատապարտելի՝ բնականաբար։
բ) Դէպքը ոչ մէկ կապ ունի ՀՅ Դաշնակցութեան հետ։
գ) Կատարուած արարքին պատասխանատուութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան վրայ բեռցնելը անպատասխանատու վերաբերում է եւ անընդունելի ամբաստանութիւն։
դ) Դէպքի վայրին եւ ժամանակին ընտրութիւնը՝ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մօտ, ինքնին հարցականներու դուռ կը բանայ եւ կ՛իյնայ հակադաշնակցական պայքարի ծիրին մէջ։
ե) Դէպքէն անմիջապէս ետք ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանատու ընկերներ կապ հաստատած են Տուտագլեանի հետ եւ դատապարտելով պատահածը զայն նկատած են կասկածելի տարրերու արարք։
զ) Խօսքի ու խղճի ազատութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւններու սկզբունքներէն եղած են ու այդպէս կը մնան։
է) Դէպքէն ետք ծաւալած հակադաշնակցական մթնոլորտը ինքնին կը բացատրէ արարքին տուն տուող թաքուն նպատակները, յատկապէս ներկայ հանգրուանին։
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն դատապարտելով դէպքը կոչ կ’ուղղէ վերջ տալու այս առիթով կատարուած ցեխարձակումներուն ու այսպէս ասած՝ ազատ կարծիքի արգելակման ամբաստանութեանց։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի
Տեղեկատուական գրասենեակ