Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ, Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 28 Փետրուար 2018-ի առաւօտուն, այցելեց Տէր Զօր՝ մօտէն տեղեակ դառնալու Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ համալիրին կրած վնասներուն։ Առաջնորդ սրբազանը ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ նախ այցելեց Տէր Զօրի նահանգապետին եւ անոր փոխանցեց Նորին Սրբութեան ողջոյնները, ապա ան այցելեց Սրբոց Նահատակաց համալիր։ Վերադարձին, առաջնորդ սրբազանը զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին իր կատարած այցելութեան մանրամասնութիւններուն մասին։
Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը, ընդհանրապէս սուրիոյ եւ յատկապէս Տէր Զօրի շրջանին ապահովութեան կայունացումէն յետոյ, անմիջապէս կոչ պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի համազգային ճիգով վերանորոգենք ցեղասպան թուրքին կողմէ անգամ մը եւս քանդուած մեր նահատակներուն սրբազան տաճարը։
Կիլիկիո կաթողիկոսության հաղորդագրություն