Եգիպտական խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի տեղակալ զօր. Եահիա Քիտուանի եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար Թարէք Խուլի անցեալ շաբաթ վերստին արծարծած են 1915-ի հայոց կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը:
Երկու երեսփոխաններն ալ վկայակոչած են Հոլանտայի խորհրդարանի օրինակը եւ եգիպտական խորհրդարանէն պահանջած նմանօրինակ որոշում տալ:
Ըստ Քիտուանիի, անհրաժեշտ է նման քայլ առնել` հակադարձելու համար Թուրքիոյ շարունակուող ոտնձգութիւններուն, պարզելով, որ Թուրքիոյ շարունակուող սպառնալիքներուն եւ Քաթարի հետ գործակցաբար ահաբեկչութեան աջակցութեան պատասխանելու բոլոր կարելիութիւնները առկայ են:
Խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի տեղակալը աւելցուցած է, որ հայոց կոտորածները պատմական իրողութիւն են, եւ բոլորն ալ պարտաւոր են կեցուածք ճշդել անոր նկատմամբ:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Գանձասար»–ի կայքում