«Գանձասար». Երեքշաբթի, 20 Փետրուար 2018-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ արեւելեան Ղութայի շրջանէն շարունակեցին հրթիռակոծել Դամասկոսի բնակչութեամբ հոծ զանազան շրջանները, ինչպէս՝ ազատութեան եւ Ումաուիին հրապարակները, Ապպասիին, Պապ Թումա, Պարամքէ, Շաալան, Քասսաա, Ճարամանա եւ այլ շրջանները տասնեակ հրթիռներով։
ՍԱՆԱ-ի համաձայն, երեկոյեան զոհերուն թիւը հասած է 11-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 54-ի։