«Ալմայատին» պատկեռասփիւռի կայանի Աֆրինի թղթակիցը յայտնեց, որ Երկուշաբթի, 19 Փետրուարի առաւօտուն, սուրիական բանակի միաւորներուն Աֆրին մուտքը խանգարելու փորձ կատարուած է թրքական ուժերուն կողմէ, երբ Թուրքիա հրթիռակոծած է Աֆրինի Պասութա եւ Աշրաֆիէ շրջանները: ՍԱՆԱ-ի համաձայն, զոհուած է մանուկ մը, վիրաւորուած են ուրիշներ:
Մինչ այդ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ սուրիական բանակին Աֆրին մուտքը ողջունելի է, եթէ պիտի ծառայէ քրտական ժողովրդային ինքնապաշտպանական ուժերու վերացման, իսկ եթէ բանակը պիտի պաշտպանէ քիւրտերը, ապա թրքական ռւժերուն յառաջխաղացքը ոչ ոք պիտի կարենայ կասեցնել:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է տարածաշրջանի երկիրներուն համար առաջնահերթութիւն համարուի:
Նոյն ժամերուն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյցով Էրտողանի հետ քննած է Սուրիոյ Իրավիճակը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Գանձասար»–ի կայքում