«Գանձասար»-ի Գամիշլիի թղթակիցը յայտնեց, թէ Կիրակի, 18 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Գամիշլիի արեւմտեան թաղամասին մէջ ահաբեկիչներուն կողմէն ականապատուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով հինգ քաղաքացիներ զոհուած են (3-ը՝ կին), իսկ եօթը ուրիշներ՝ վիրաւորուած։ Վիրաւորները հիւանդանոց փոխադրուած են։ Անոնցմէ ոմանց վիճակը ծանր է։