Բաց նամակ Արսէն Արծրունիի հարազատներէն ՀՀ Արդարադատութեան նախարար՝ Դաւիթ Յարութիւնեանին
2014 թուականէն ի վեր իր պատիժը կրող Արսէն Արծրունին աւելի քան 23 տարի բանտին մէջ դրսեւորած է պատշաճ վարքագիծ, եւ վաղաժամկէտ պայմանական ազատման իրաւունքի համաձայն, 2013 թուականէն կրնար ազատ արձակուիլ: Սակայն, դատարանը անտեսելով այս փաստը, առանց հիմնաւորումներու մերժած է անոր ազատ արձակել: Գործը բողոքարկուած է, այն հիմա Վերաքննիչ դատարանի մօտ է:
Դատարանը նկատի չէ առած Արսէնի քսաներեքամեայ բանտային կենսագրութեան գիծերը, արհամարհելով Արսէնի ուղղուածութեան վերաբերող բոլոր փաստերը, որոնցմէ է.
2007 թուականաին ընդունուած եւ աւարտած է Երեւանի «Ուրարտու» համալսարանի Ընդհանուր հոգեբանութեան հիմնարկը:
2013-2014 թուականներուն 62 ցմահ ազատազրկուածներու հետ անհատական հարցազրոյցներ անցուցած է, ձեռք բերած է ուղղման հոգեբանութեան 42.000 տուեալ:
2016 թուականին ընդունուած է ՀՀ ԳԱԱ Գիտակրթական միջազգային կեդրոն՝ Սոցիալական հոգեբանութեան գծով, միաժամանակ ստեղծած է դասասենեակ «Նուպարաշէն»ի մէջ, ուր կազմակերպած է անգլերէնի դասընթացներ, 2005-2008 թուականներուն նաեւ ցմահ ազատազրկուածներու համար՝ համակարգչային դասընթացներ:
Մեր ֆինանսական աջակցութեամբ Արսէնը, տարբեր ժամանակահատուածներու, նախաձեռնած է բանտերու մէջ երկար տեսակցութեան, լողարաններու, դասարաններու, մարզարաններու, գրադարաններու ստեղծման եւ բարեկարգման աշխատանքներ:
Սակայն ահա, 2013 թուականէն ետք Արսէն Արծրունին, սկսած է տառապիլ թիֆուզ բազմահանգուցաւոր խպիպ II աստիճան հիւանդութեամբ, որ կրնայ կարճ ժամկէտի մէջ վերածուիլ չարորակ ուռուցքի: Այսինքն հիւանդութիւնը հիմա կը սպառնայ անոր կեանքին:
Օրեցօր Արսէնի խնդիրը կը յայտնուի համայն հայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութեան կեդրոն, եւ գործադրուող իրաւական սխալներն ու ամօթալի բացթողումները հատած են անթոյլատրելիութեան եւ անպատժելիութեան սահմանները:
Յարգելի պարոն Դաւիթ Յարութիւնեան, Դուք 2017 թուականի մայիս ամսէն կը ղեկավարէք Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութիւնը, որ գործադիր իշխանութեան մարմին է եւ իրաւունքի բնագաւառէն ներս կ’իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը:
Այսպիսով, Դուք կը կրէք մեր հօր, ամուսնու, որդու, եղբօր եւ հարազատի՝ Արսէն Արծրունիի նկատմամբ գործադրուող իրաւական անթոյլատրելի սխալի հետեւանքներու ողջ պատասխանատուութիւնը եւ այն սրբագրելու անմիջական պարտականութիւնը կ’իյնայ Ձեր ուսերուն:
Արդ, Ձեզմէ կը պահանջենք ՀՀ օրէնքի տառի անսխալ կատարում, որպէսզի Արսէնը վերադառնայ իր ծննդավայր՝ Լիբանան ստանալու կեանքին սպառնացող հիւանդութեան համապատասխան բժշկական օգնութիւն:
Երեւան, 18 Փետրուար 2018թ.