Կիրակի, 11 Փետրուար 2018-ի յետմիջօրէին, Դամասկոսի Ժարամանա շրջանին մէջ տեղացող հրթիռներուն թիրախ դարձաւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի աշակերտներուն փոխադրակառքը: Այս մասին կը հաղորդէ PerioNews-ը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ ջախջախուած փոխադրակառքը կայանած էր վարժարանի վարորդին բնակարանին մօտ, որ կը գտնուի վերոնշեալ շրջանին մէջ:
Մէկ շաբաթէ ի վեր «Արեւելեան ալ-Ղութա» շրջանէն «Ժապհեթ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը կը շարունակէ հրթիռակոծել Դամասկոսի զանազան շրջաններ, իսկ այսօր՝ Տուելաա, Ժարամանա, ալ-Քասսաա եւ այլն:
Հրթիռ մը ինկած է ալ-Քասսաա շրջանին մէջ գտնուող «Թէքէեան» ակումբին մօտ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական հիւանդանոցին կից:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում