«Գանձասար». Շաբաթ, 10 Փետրուարին Հալէպի հիւսիսային շրջանի Աֆրին քաղաքը գնդակոծող թրքական զինուորական ուղղաթիռ մը վար առնուեցաւ։ Ուղղաթիռին անձնակազմը սպաննուեցաւ։
Տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ ուղղաթիռը կը գնդակոծէր Աֆրինի Ռաճօ շրջանի բնակչութիւնը, երբ տեղւոյն Ժողովրդային ինքնապաշտպանական ուժերը վար առին զայն։
Թրքական աղբիւրներ եւս հաստատեցին Աֆրինի մէջ թրքական զինուորական ուղղաթիռի մը ջախջախումը եւ անձնակազմին սպաննութիւնը։
Աւելցնենք, որ 20 Յունուարէն ի վեր Աֆրինի ուղղութեամբ թրքական յարձակումներուն հետեւանքով զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 500 քաղաքացիներ, քանդուեցան բազմաթիւ բնակարաններ եւ հասարակական կառոյցներ։