Իսթանպուլի Կուսակալութենէն 05 Փետրուար 2018 թուականին Պատրիարքարանիս հասած պաշտօնական նամակով հաղորդուած էր Ներքին Գործոց Նախարարութենէն հասած պաշտօնագրի պարունակութիւնը։
Սոյն պաշտօնագիրը արժեւորելու համար Աթոռիս Պատկառելի Կրօն. Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի հրաւէրով՝ ժողովական հայրերը մէկտեղուեցան նախաճաշի սեղանի շուրջ, գլխաւորութեամբ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ նախաճաշէն առաջ Սահակ Սրբազանին բանաւոր յայտնած լինելով հրաժարելու իր մտադրութիւնը, չփափաքեցաւ մասնակցիլ սեղանին։
Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման աւարտին պաշտօնական նիստ գումարուեցաւ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Յետ խորհրդակցութեան յստակացան հետեւեալ կէտերը.
Ա. Պատրիարքական ընտրութիւնը կը կատարուի եւ կը վերջանայ Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան համակամ ընթացքով։ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մէջ միշտ յայտնուած է այս իրողութիւնը։ Հետեւաբար սոյն պաշտօնագրի պարունակութիւնը ընկալուեցաւ այս իրողութեան լոյսին տակ։ Պետութեան կամքը յայտնուած է այն շեշտադրութեամբ, թէ 85-րդ Պատրիարքը ընտրելու պայմանները գոյացած չէ եւ հետեւաբար տեղապահի մը ընտրութիւնը անհիմն կը նկատուի։ Հետեւաբար Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը կարելի չէ հանգստեան կոչելով Աթոռը թափուր հռչակել ըստ օրինաց։
Բ. Սոյն նամակը կը պահանջէր վերադառնալ 26 Հոկտեմբեր 2016 թուականին գումարուած Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումարէն առաջուայ իրավիճակին, որուն ընթացքին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հանգստեան կոչուած էր։ Ուրեմն նոյն նամակով կը հաստատուէր, թէ 1 Յուլիս 2010 թուականին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ընտրուած Բարձր. Արամ Սրբազան Հայրը կը շարունակէ իր պաշտօնը Նախարարաց Խորհուրդի 18 Օգոստոս 2010 թուակիր պաշտօնագրի զօրութեամբ։
Գ. Ժողովական հայրերը հարկաւոր նկատեցին ընդառաջել պաշտօնագրի պարունակութեան վասն բարւոք ընթացման ապագայի մէջ ցանկալի Պատրիարքական ընտրութեան համար։
Դ. Ժողովական հայրերը շեշտեցին նաեւ ի պատեհ ժամանակի Պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
Մեր համայնքի զաւակները կը հրաւիրենք, որ համայնքային մեր խաղաղութիւնը գերադասեն ամէն տեսակի անձնական նկատառումներէ եւ մտածումներէ։ Հեռու կենան վիրաւորիչ, պառակտիչ եւ արդէն փխրուն վիճակի մէջ գտնուող համայնքային խաղաղութիւնը խանգարող նախաձեռնութիւններէ եւ արտայայտութիւններէ։
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
«ԺԱՄԱՆԱԿ»