Երկուշաբթի, 5 Փետրուար 2018-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են հին Դամասկոսի շրջանը՝ խախտելով լարուածութեան մեղմացման Ղութայի գօտիի համաձայնութիւնը: Դամասկոսի ոստիկանատան աղբիւր մը յայտնեց, որ Ղութայի արեւելեան շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծած են յատկապէս Պապ Թումա շրջանը:
«Գանձասար»ի աղբիւրները յայտնեցին, թէ Պապ Թումայի մէջ հրթիռ մը ինկած է հայ ընտանիքի մը բնակարանին վրայ, ուր ներկայ եղած են տանտիրուհին՝ Նուրիցա Տեմիրճեան-Օթճեան, որ ժամանակէ մը ի վեր առողջապահական հարցերէ կը տառապի, անոր եղբայրը՝ Սարգիս Տեմիրճեան եւ տանտիրուհին խնամող տեղացի կին մը՝ Ղազալ անունով:
Տանտիրուհին խնամող տեղացի կինը տեղւոյն վրայ զոհուած է: Դամասկոսի հայ տղաքը օգնութեան փութալով վիրաւորները հիւանդանոց տեղափոխած են: Նուրիցա Տեմիրճեան-Օթճեան այժմ վիրահատութեան կ’ենթարկուի: Թեթեւակիօրէն վիրաւորուած է նաեւ անոր եղբայրը: Բնակարանը ծանր վնասներ կրած է: