«Ասպարեզ». Արամ Մանուկեանի յուշարձանի նախագծին շուրջ ծաւալող հրապարակային վէճը կը բխի բարոյական այն նորմերէն, որոնք կը սահմանեն էութիւնը հայ անկախ պետականութեան գաղափարին։ Արամը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր հայրը չէ միայն։ Ան հարազատ խորհրդանիշն է բոլոր ժամանակներու մեր ինքնիշխան պետականութեան։ Եւ ան վերջնական չափանիշն է, որմով պիտի չափուին բոլոր ներկայ եւ ապագայ սերունդները Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեր ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին։
Հայ անկախ պետականութեան կենսագործունէութիւնը երբեք հեշտ պիտի չըլլայ։ Ան պիտի ըլլայ փորձութիւններով ականուած ռազմադաշտ մը, ուր պիտի գործէ հայ ազգի խոհեմ, հեռատես, արդարակորով, յամառօրէն խստապահանջ, բայց նաեւ խիզախ եւ միշտ աննկուն եւ միշտ ինքնուրաց ղեկավարութիւնը իր յստակ տեսլականով եւ իր դժուարին ընտրութիւններով։ Հայ անկախ պետականութեան մէջ տեղ չեն կրնար ունենալ միջակութիւնները։ Հոն տեղ չկայ եսամոլութեան, շահամոլութեան, թուլամորթութեան համար։ Այնտեղ «ամէն օր եւ ամէն ժամ» պիտի գործուին «բազում գործք արութեան», ինչպէս կը պատգամէ Պատմահայրը։ Անիկա պիտի ըլլայ արի մարդոց ռազմաբեմը, ուր շարունակ պիտի վճռուի մեր հաւաքական ճակատագիրը եւ ուր պիտի հրաշագործէ հայ մարդուն հանճարը։
Այս տեսլականն է, որ կեանքի կոչուեցաւ հարիւր տարի առաջ նուիրեալներու կորովի փաղանգի մը արիւնով եւ քրտինքով եւ այդ դաժան երկունքէն ծնաւ նոր ժամանակներու մեր անկախութիւնը։ Այդ գործին ռահվիրաները հայ յեղափոխական կուսակցութիւններն էին՝ Արմենական, Հնչակեան եւ մանաւանդ Դաշնակցական գործի հնոցնե՛րը Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի, Սիմոն Զաւարեանի եւ այլ մեծերու հզօր իմացականութեամբ եւ վճռակամութեամբ։ Եւ յեղափոխական գործի այդ քուրայէն ազգի փրկութեան վճռական գրոհին կոչուած Արամն էր, որ պիտի յայտնուէր եւ հայ կեանքի ամէնէն ճակատագրական օրերուն պիտի հրաշագործէր կեանքի ու մահուան երախէն կորզուած մեր հսկայ յաղթանակը։
Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք այս ԱՐԱՄ իրողութեան մէջ կ՛ուզեն տեսնել «անհատի պաշտամունք»։ Բոլշեւիկեան այդ եզրերը մեզի համար չեն։ Արամը վաղուց դադրած է անհատի նեղ սահմաններուն մէջ ապրելէ։ Ան – ինչպէս իր գաղափարի ուսուցիչներն ու ընկերները – իր մեծ նուիրումի ճամբով վաղուց նոյնացած է մեր ազգային եւ համամարդկային տեսիլքին հաստատելով կեանքի այն չափանիշը, որ այսօր կը սահմանէ մեր հաւաքական արժէհամակրգը։
Այդ արժէհամակարգն է, որ պէտք է ցոլացում գտնէ Արամի յուշարձանի յղացքին մէջ։ Ծա՞նր պահանջ կը դնենք ձեր ուսերուն։ Այո, խիստ ծանր է մեր պահանջը։ Քննարկման ներկայացուած նախագիծերէն եւ ոչ մէկը (դատելով լուսանկարներէն) կը հատէ սահմանը։ Արամը կը ներկայացնէ մեր հաւաքական խոյանքը եւ բոլոր այն յարգարժան քանդակագործները, որոնք պատրաստ են ստեղծագործական այս մեծ մարտահրաւէրին, պիտի անպայման գոհացնեն այս դժուարահաճ պայմանը։ Այս պայմանը բառերով չի բացատրուիր։ Ոչ մենք եւ ոչ Երեւանի քաղաքապետութիւնը կրնայ այս խորհրդաւոր պայմանը բանաձեւել։ Անիկա կը բխի հայ մարդուն վեցերորդ զգայարանքէն։ Մի հարցնէք մեզի, թէ ի՞նչ է ան։ Երբ Երուանդ Քոչարը հպարտօրէն կանգնեց Սասունցի Դաւիթի հանճարեղ ձիարձանը, ոչ ո՛ք, բացարձակապէս ոչ ոք կը կասկածէր այդ կոթողի ինքնութեան։ Մենք բոլորս աշխարհի չորս ծագերէն վերջնականօրէն համոզուած էինք, որ այդ իսկ էր Դաւիթը…Վարպետը «գիտէր», թէ ո՞վ էր մեր դիւցազնավէպին հերոսը, քանի որ գիտէր, թէ ո՞վ ենք մենք։ Դուք նախ եւ առաջ պիտի գիտնաք, թէ ո՞վ է Արամը…
Կարօ Արմենեան
Փետրուար 2, 2018
Ուաշինկթըն