«Ասպարեզ». Սլովաքիոյ խորհրդարանի նախագահ Անտրէ Տանքօ դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան տարածքին վրայ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին իրականացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ըստ «ԹԱՍՍ»-ի՝ նման յայտարարութեամբ ան հանդէս եկաւ իր հայ գործընկեր Արա Բաբլոյեանի հետ Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք: «Հայերը ցեղասպանութիւն վերապրած են, անոնք յարձակումներու թիրախ եղած են եւ շատ բան հանդուրժած, քանի որ քրիստոնէական կղզի եղած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ», ընդգծեց Սլովաքիոյ խորհրդարանի նախագահը՝ աւելցնելով, որ հայերը ժամանակակից պատմութեան մէջ եղած են առաջին ժողովուրդը, որ ցեղասպանութիւն տեսած է: