Կը գտնուինք նախագահական վարչակարգի լուծարման սեմին։ Դեկտեմբեր 6, 2015 թուին, համաժողովրդական հանրաքուէով վաւերացում ստացած ՀՀ Սահմանադրութիւնն է, որ շուտով, իր ամբողջութեա՛նը մէջ, կիրարկման պիտի դրուի Նախ. Սերժ Սարգսեանի իրաւասութիւններու աւարտման պաշտօնական աքթով։ Մինչ այդ ՀՀ Ազգային Ժողովը պիտի ընտրէ նոր նախագահ, որ իր իրաւասութիւնները պիտի ստանձնէ նախագահական վարչակարգի լուծարումէն անմիջապէս ետք։ Այնուհետեւ նորընտիր նախագահը կը սկսի գործել խոհրդարանակա՛ն վարչակարգի րեժիմով եւ իր նո՛ր լիազօրութիւններու սահմանին մէջ, որոնք այլեւս դուրս կ՚իյնան գործադիր իշխանութեան հիմնական գործառոյթներու մայրուղիէն։ Այլ խօսքով, ՀՀ նախագահը կը դադրի պետութեան որոշողական կառոյցի կեդրոնական բեւեռը հանդիսանալէ։
Այնուամենայնիւ պէտք չէ փութկոտ եզրակացութիւններու յանգիլ այս խնդրով։ Նախագահական նոր լիազօրութիւններու դաշտը դեռեւս չփորձուած գետին է, որ կեանքի նոր փորձով կրնայ պետական գործընթացի նոր հորիզոններ բանալ եւ Սահմանադրութեան կառոյցը ի նորոյ իմաստաւորել։ Շատ բան կախում ունի նոր նախագահի անհատականութենէն, քաղաքական դաշտի իր հասողութենէն (access), իր քաղաքական փորձառութենէն եւ իր յատուկ հմտութիւններէն եւ նորընտիր վարչապետի կառավարման ընդհանուր վարքագիծէն։ Մէկ բան յստակ է։ Նորընտիր նախագահը կրնայ կարեւոր դերակատար մը ըլլալ պետութեան կեանքին մէջ, եթէ խորհրդարանական նոր միջավայրը գործէ լայնախոհութեամբ եւ նախագահական աթոռը աճի առողջ մթնոլորտի մը մէջ։ Եւ անշուշտ այս բոլորը կապուած է մեծ եթէներու հետ։
Նախ. Սարգսեան «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան և անվտանգութեան երաշխաւորն» էր։ Ան նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու վերին հրամանատարն էր։ Նոր նախագահը չունի այդպիսի պատասխանատուութիւններ։ Մէկ կողմէ՝ ան կը շարունակէ պահպանել «պետութեան գլուխը» ըլլալու իր հանգամանքը. միւս կողմէ սակայն՝ անոր պատասխանատուութիւններու բնոյթը – գէթ ներկայի՛ս — շատ թոյլ է եւ առաձգական։ Նոր նախագահին պարտականութիւնն է «հետեւիլ Սահմանադրութեան պահպանման»։ Ան նաեւ իր երդմամբ յանձնառու է «հաւատարիմ լինելու Սահմանադրութեան»։ Եթէ մօտէն քննենք այս բառապաշարը, պէտք է անպայման հարց տանք, թէ իսկապէս ի՞նչ կշիռ ունին Սահմանադրութեան այս անորոշ տրամադրութիւնները։ Ի՞նչ կը նշանակէ «հաւատարիմ ըլլալ» Սահմանադրութեան եւ «հետեւիլ անոր պահպանման»։ Ամէն քաղաքացի բարոյական եւ օրինական պարտաւորութեան տակ կը գտնուի Սահմանադրութեան հաւատարիմ ըլլալու եւ այս առումով նախագահին հաւատարմութիւնը յատուկ պայման մը չ՛աւելցներ այս ընդհանուր պարտաւորութեան վրայ։ Իսկ Սահմանադրութեան պահպանման «հետեւելու» պայմանը ենթակայ է մեծ մեկնաբանութիւններու եւ ան աւելի շուտ կը վերահաստատէ Սահմանադրական Դատարանի գերակայ լիազօրութիւններու փաստը՝ շատ նեղ լուսանցք մը միայն թողնելով նախագահին Ազգային Ժողովի կողմէ ընդունուած օրէնքներու վաւերացման մարզին մէջ։
Ըստ իս, շահեկան նորութիւնը նոր նախագահի սահմանադրական լիազօրութիւններու փաթեթին մէջ հետեւեալն է։ Սահմանադրութիւնը կ՛ակնկալէ նախագահէն ըլլալ «անաչառ» և «առաջնորդուիլ ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ ՀԱՄԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՎ»։ Իր երդմամբ՝ ան նաեւ կը խոստանայ իր «ողջ ուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործին» մէջ։ Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ նոր նախագահը մաս չկազմէ որեւէ կուսակցութեան զինք սկզբունքով ազատ կացուցանելով մեծամասնական կուսակցութեան ենթակայութենէն…Այս առումով, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջարկելու քայլը յստակօրէն կը հակասէ Սահմանադրութեան ոգիին։ ՀՀԿ-ի ղեկավարութիւնը պէտք էր յարգէր նախագահի թեկնածու առաջարկելու սահմանադրական կարգը։ Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած չէ պաշտօնական որեւէ կարգ Ազգային Ժողովին մաս կազմող կուսակցութիւններու կողմէ նախագահական թեկնածու առաջարկելու եւ այս պարագան հարազատօրէն կը ցոլացնէ նախագահին անկուսակցական ըլլալու սահմանադրական պայմանը։ Պէտք է շնորհաւորել պր. Արմէն Սարգսեանը ՀՀ նախագահին տրուած իր պատասխանին համար, ուր ան կարեւորութեամբ կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը քաղաքական դաշտի միւս շերտերուն հետ խորհրդակցելու՝ ՀՀԿի առաջարկին ընդառաջելէ առաջ։
Կարևոր է պր. Սարգսեանի դրած այս պայմանը, քանի որ ան անմիջականօրէն կապ ունի նոր նախագահի անաչառ ըլլալու եւ համապետական եւ համազգային շահերով առաջնորդուելու առաքելութեան հետ։ Համապետական շահերով ղեկավարուելու պայմանը ինքնաբերաբար կ՚ենթադրէ երկրի ընդդիմութեան գաղափարներու ներառումը նախագահական դատողութեան ծիրէն ներս։ Բայց նաեւ Սահմանադրութիւնը կ՛երթայ շատ աւելի հեռուն։ Ան կը պահանջէ, որ նախագահը ուղղորդուի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ շահերով ի տարբերութիւն սոսկ ՀԱՄԱՊԵՏԱԿԱՆ շահերուն։ Եւ այս մէկը ինքնաբերաբար կ՛ընդգրկէ Սփիւռքը։ Առաջին անգամ ըլլալով, Սփիւռքը, իր հաւաքական շահերու բարդ ագուցուածքով, կը դառնայ լիիրաւ բաղկացուցիչ հայութեան համազգային օրակարգին։ Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ նախագահը իր բոլոր ուժականութիւններով աշխատի ազգային միասնականութեան համար։ Եւ իր այս հանգամանքով, նախագահը կ՚առանձնանայ հայ պետականութեան միւս գործիչներէն։ Վարչապետները եւ գործադիր իշխանութեան միւս դէմքերը ի վերջոյ կուսակցական քաղաքականութեան զինուորներն են։ Նոյնպիսի զինուորներ են խորհրդարանի պատգամաւորներն ու ղեկավարութիւնը։ Նախագահն է միայն, որ իր առաքելութեամբ կոչուած է ծառայելու միասնութեան։ Ան է միայն, որ պիտի գործէ կուսակցական շերտաւորումներու քաղաքական նեղ հրամայականներէն վեր եւ նախանձախնդրօրէն ի մի պիտի բերէ ազգային մտածողութեան բոլոր կոտորակները եւ երկիրը պիտի տանի դէպի ազգային ընդհանուր համաձայնութիւն։
Եւ, անշուշտ, պիտի փութանք հարց տալու, թէ արդեօ՞ք ան կրնայ այս ծանր բեռը վերցնել իր ուսերուն։ Ունի՞ արդեօք անհրաժեշտ զէնքերը այս պահանջկոտ ռազմաբեմին համար։
Իմ կարծիքով, պիտի իրապաշտօրէն ընդունինք, որ այս գործին համար շատ վտիտ են Սահմանադրութեամբ նախագահին տրուած լիազօրութիւնները։ Շատ սահմանափակ են իր զէնքերը։ Եւ շատ սակաւ՝ իր իրաւասութիւննե՛րը։ Ճիշտ է, որ ուժեղ անհատականութեամբ օժտուած և հեռատեսութեամբ եւ խիզախութեամբ գործող նախագահի մը համար եղածն ալ թերեւս բաւարար լուսանցք կը հայթայթէ ինքզինք եւ նախագահական աթոռը հաստատելու որպէս վերին իրաւարար, բայց այդ մէկը աւելի շատ պատահականութեան խնդիր է եւ կապուած՝ մեծ թէականութիւններու։ Անոնց վրայ կարելի չէ մեր տունը կառուցել։
Ի վերջոյ, ազգի ընդհանրութեան շահը իր ամբողջութեանը մէջ բիւրեղացնելու եւ զայն դրօշի վերածելու տեսլականը հիմնական առաջադրանք մը պէտք է ըլլայ որեւէ պետականութեան համար։ Ներկայ սահմանադրութեամբ, միայն ՀՀ նախագահն է, որ ունի այդ հանգամանքը, բայց անբաւարար լիազօրութիւններով։ Հետեւաբար մեծ է ռիսքը, որ ներկայ քաղաքական դաշտի մշակոյթով նախագահական աթոռը իյնայ գործադիր իշխանութեան «գրոհ»ին տակ եւ չկարողանայ տէր կանգնիլ իր վերոյիշեալ առաքելութեան։ Ներկայի տուեալներով, ՀՀ քաղաքացին աւելի հիմնական երաշխիքներու պէտք ունի ՀՀ նախագահէն յուսալու իր երկրի էական համերաշխութիւնը։
Ներկայ սահմանադրութեան բնախօսական մեղքերէն գլխաւորը իշխանութիւններու տարանջատութեան զգալի անբաւարարութիւնն է։ Եւ այդ մէկը արդէն իսկ ստեղծած է իր մեծ հարցականը պետութեան կեանքէն ներս։ Այն վարչապետը, որուն ետին կեցող քաղաքական ուժը կը տիրապետէ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան, ինքնաբերաբար կը գործէ նախագահական վարչակարգի բնազդներով։ Ան ինքնաբերաբար խորհրդարանական վարչակարգը կը վերածէ նախագահականի։ Պարզ խօսքով, խորհրդարանական վարչակարգի նոր յարացոյցը (paradigm, պարատիգմա) իրողապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Խորհրդարանական վարչակարգը կը դառնայ մեռեալ տառ նոյնիսկ միջկուսակցական ներկայ դաշինքի առկայութեամբ, եթէ տեղի չունենայ քաղաքական օրակարգի փոխ-ներգործութիւն մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան միջեւ։ Այս վտանգն է, զոր պէտք է դիմագրաւենք ազգովին։ Հին վարչակարգի պատերը փուլ բերելու պարտականութիւնը կը պատկանի ամբողջ ազգին եւ ազգն է, որ պէտք է ըսէ իր վճռական խօսքը։
Ժամանակն է իրականութիւնները տեսնելու եւ մատնանշելու այնպէս ինչպէս որ են։ Այսօր հասարակութեան մէջ արմատացած է այն համոզումը, որ նախագահական վարչակարգն է, որ մեծ չափերով կը շարունակէ գործել եւ պարտադրել երկրին իր հին քաղաքական մշակոյթը։ Պետական կեանքի բանալիները դեռեւս կը գտնուին օլիգարխիայի ձեռքերուն մէջ, որ անհնարին կը դարձնէ երկրէն ներս համակարգային արմատական փոփոխութիւններու կիրառումը։ Լաւագոյն պարագային, կը գտնուինք փոքր քայլերու գործընթացին մէջ, երբ պէտք են մեծ եւ հիմնարար գործողութիւններ։ Փոխուած է սահմանադրութիւնը, բայց, ըստ էութեան, համակարգը մնացած է նոյնը։ Համակարգը յաջողապէս տեղաւորուած կը թուի ըլլալ նոր սահմանադրութեան կաղապարէն ներս։ Եթէ իսկապէս այս է կացութիւնը, ան բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ պատճառաբանութեամբ եւ որեւէ չափորոշիչով։
Այսօր, մեր ընդհանրական կացութիւնը վերամտածելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք։ Վերամտածել թէ՛ Հայրենիքը եւ թէ՛ Սփիւռքը ամէնէն դաժան անկեղծութեամբ։ Վերամտածել հիմնովին ազգային լինելիութեան մեր գաղափարախօսութիւնը։ Եւ ձևաւորել եզրերը այն համապարփակ ռազմավարութեան, որ կը բխի այսօրուան եւ վաղուան մեր մարտահրաւէրներէն։
Յարացոյցի հսկայ փոփոխութիւն մը ինքզինք պէտք է պարտադիր դարձնէ բոլորին հաւասարապէս որպէսզի կարողանանք դուրս բերել ազգը իր ներկայ աւազախրումէն։ Եւ որպէսզի կարողանանք նոր լուծումներով ուժականացնել մեր պետականութիւնն ու ազգային մեր իրականութիւնը վերէն մինչեւ վար։
Համապետական և համազգային շահերու իսկական բեւեռը մեր ժողովուրդն է եւ ան է մեր ուժին իսկական աղբիւրը։ Միա՛յն ան։
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ