«Ազատ օր». Հայոց պատմությունը եւս ունի տխուր ու ամոթալի էջեր, որոնց շարքին հայու ճակտին դրոշմված ամոթի խարան մը կը խորհրդանշէ ազգային մեր յուշատետրի 25 Յունուար 1921ի ողբերգական էջը։
25 Յունուարի օրը, 97 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ամիս մը առաջ բռնագրա-ւած՝ պոլշեւիկները Ռուսաստանի խորքերը աքսորեցին, հետիոտն եւ ձիւն-ձմրան, Հայկական Բանակին ողջ սպայակազմը՝ 1200 հայ սպաներով եւ զօր. Թովմաս Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ։
Պոլշեւիկներու գործած քաղաքական այդ ծանրակշիռ ոճիրը ահա 97 տարիէ ի վեր հոգեցունց մղձաւանջի ամօթալի պահեր կ’առաջացանէ հայ ժողովուրդի եկող ու անցնող սերունդներուն ազգային յիշողութեան մէջ։
Երեւակայեցէք եօթը դարերու գերութենէն ետք իր անկախութիւնը նուաճած հայ ժողովուրդը։ Պատկերացուցէք նորանկախ -Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ազգային պետականութեան իր կռուանները հիմնադրելու սխրանքով եւ «անձեւ քաոս»էն, սուգի ու սովի, արեան ու մաքառումի օրհասական պայմաններէն Րաֆֆիներու եւ Դանիէլ Վարուժաններու կանխատեսած «խենթի երազ»ն ու «վարդահեղեղ արշալոյսներ»ը իրագործելու երկունքով։ Ապա՝ մտաբերեցէք, զուգահեռաբար, Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց փլատակներուն վրայ ահագնացող մոլեռանդութեան եւ այլամերժութեան նորանուն մոլագարնե-րուն՝ պոլշեւիկեան եւ քեմալական կատաղութեան բորբոքումները…
Այդ պարագային, հայոց պատմութեան 1920-1921 թուականներու ազգային-պետական եւ աշխարհաքաղաքական վերիվայ-րումներու այդ պաստառին վրայ, ի՞նչ գնահատական կրնաք տալ նորաստեղծ Հայոց Ազգային Բանակի սպայական անձնա-կազմին՝ սպարապետ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ 1200 հայ բարձրաստիճան սպաներու զինաթա-փումին, ձերբակալումին եւ հետիոտն աքսորին դէպի Ռուսաստանի խորերը։
«Հայու ճակտին ամօթի խարան»էն տարբեր ի՞նչ գնահատական կարելի է տալ նման քայլի։
Ուրիշ ի՞նչ գնահատական կրնան ստանալ Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ եւ սուիններու ուժով անկախ Հայաստանի Հանրա-պետութեան պարտադրուած խորհրդայնացումին, Ալեքսանդրապոլի անձնատուական դաշնագրին, Հանրապետութեան ղե-կավար գործիչներու չեկայական բանտարկումին եւ «մաքրագործումին» ու, իբրեւ փշէ «դափնեպսակ»ը այդ ամէնուն, Հայոց -Բանակի ողջ սպայակազմին այդօրինակ աքսորին։
Միայն «ամօթի խարան» կարելի է անուանել 97 տարի առաջ կատարուած այդ յանցագործութիւնը։
Գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, կամայ թէ ակամայ, Քրեմլինէն թէ Անգարայէն կամ հաւասարապէս երկու կողմերէն եկած հրահանգներ գործադրելով, թէ ներքին՝ սեփական ի՜նչ-ի՜նչ բարդոյթներու բաւարարութիւն տալու հիւանդագին մտայնու-թեամբ, թուրք ու թաթար պոլշեւիկներու հետ եղբայրացած հայանուն «յեղափոխական»ները, փաստօրէն, դիմեցին հայ ժողո-վուրդին մարտունակ ողնաշարը կոտրելու, այլեւ գլխատելու իրենց ամօթալի քայլին, որուն բարձրակէտը պիտի հանդիսա-նար, հետագային, հայ մտքի ու տաղանդի ուղղակի ֆիզիքական մաքրագործումը 1936ականներուն…
Պատմութեան անիւը շրջուած է այսօր եւ վերանկախացեալ Հայաստանի Ազգային Բանակը իր հայեացքը ուղղած է հայոց պատմութեան մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի հերոսական էջերուն՝ գերագոյն անձնուիրութեամբ Հայաստանի ու հայութեան յաղթական ուղին նուաճած արի այրերուն՝
— Որպէսզի հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան իր սրբազնագոյն առաքելութեան մէջ, մերօրեայ հայ զինուորը պատանդ չմնայ հայու ճակտին խարանուած ամօթի մղձաւանջին։
— Որպէսզի մեր պատմութեան տխուր օրերէն մէկը պոլշեւիկներու կողմէ անարգ աքսորի դատապարտուած ԴՐՕներու եւ -Նազարբէկեաններու ռազմահայրենասիրական սխրանքները, ընդհակառակն՝ ներշնչման, գօտեպնդման ու հպարտութեան աղբիւր դառնան մեր նորահաս սերունդներուն համար։
— Որպէսզի մէկանգամընդմիշտ փակուի հայկական իշխանութեանց կողմէ սեփական ժողովուրդին ու անոր սերուցքին դէմ հալածանք ծաւալելու եւ ազգային հերոսներ գլխատելու ամօթալի էջը։
Եւ իրաւամբ ազգային հերոս էր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան՝ բառին ամէնէն պարզ ու դասական նշանակութեամբ, այ-լեւ խորիմաստ ու հպարտութիւն ներշնչող հնչեղութեամբ։ 4 Օգոստոս 1855ին Թիֆլիս ծնած՝ հարուստ ընտանիքի զաւակ այս հայորդին ընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կազմաւորուած էր, զինուորականի իր կրթութեամբ ցարական բանակի ծնունդ էր եւ ռազմական իր քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւնը ստացած էր 1877-1878ի ռուս-թրքական պատե-րազմի ընթացքին։
Բայց յատկապէս 1904ի ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ հայազգի այս զինուորականին հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ ապահովեցին անոր եւ արժանացուցին Ցարական բանակի հրամանա-տարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին։
1903-1905 թուականները նաեւ Ցարական Ռուսաստանի հակահայ ոտնձգութիւններու ժամանակաշրջան էր։ Հայ եկեղեցա-պատկան կալուածներու բռնագրաւման փորձով իր բարձրակէտին հասած «Հայաստան առանց հայու» Ցարիզմի ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը ունեցաւ նաեւ բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու պահուեցան զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց նուաճած պաշտօններէն։ Նոյնը պատահեցաւ նաեւ զօր. -Նազարբէկեանի պարագային, որ անվարան ներկայացաւ իր գերադասին եւ ներկայացուց Ցարական բանակէն իր հրաժարա-կանը՝ խրոխտութեամբ յայտարարելով, թէ ոչ միայն հայկական ծագում ունի, այլեւ հայ է ու հպարտ է իր հայութեամբ։
Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914ին, Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Ցարական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կը կանչէ զօր. Նազարբէկեանին՝ անոր վստահելով Բ. Կովկա-սեան Հրացանաձիգ Զօրաբաժնի հրամանատարութիւնը։
Կը վերսկսի հայոց զօրավարին հերոսական քաջագործութեանց շարքը. յատկապէս պատմական Աւարարայրի դաշտէն ոչ շատ հեռու Տիլմանի ճակատամարտին է, որ զօր. Նազարբէկեան, իր կողքին ունենալով Կամաւորական Առաջին Գունդը հրա-մանատար հերոս Անդրանիկը, ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ հարաւէն՝ պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղու-թեամբ արշաւող Խալիլ Փաշայի զօրքը։ Զօր. Նազարբէկեան յաղթական մուտք կը գործէ Պիթլիս, ապա՝ կ’արշաւէ Վանի ուղ-ղութեամբ եւ կ’ազատագրէ Վասպուրականի հայութիւնը։
1917ի Հոկտեմբերին տեղի ունեցած պոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք, երբ Լենինի «տուն դարձ»ի հրահանգին ընդառաջող ռուս զինուորներու դասալքութեամբ քայքայուեցաւ Ցարական բանակը, Թիֆլիս հաստատուած Հայ Ազգային Խորհուրդը Հայ-կական Կորպուսի ընդհանուր հրամանատար կարգեց զօրավար Նազարբէկեանին, որ իր այդ հանգամանքով պատմակշիռ իր ներդրումը ունեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսական ճակատամարտներուն ղեկավարման մէջ՝ այդ հիման վրայ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազ-գային Բանակի Սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին։
Այսպիսի՛ տարողութեամբ Ազգային Հերոսի մը եւ անոր շուրջ կազմուած հայկական սպայակոյտին դէմ էր ուղղուած հայ պոլ-շեւիկներու անարգ քայլը՝ հայ ժողովուրդի հպարտութիւնը կազմող հերոսներուն աքսորը դէպի Ռուսաստանի խորերը։
Քայլ՝ որուն գլխաւոր նպատակն էր կոտրել դիմադրական կորովն ու մարտական պաշտպանունակութիւնը Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին քաջարի պահապան հայոց հերոսական բանակին։
Թէեւ եօթանասուն երկար տարիներ հայ ժողովուրդը ծանրագոյն գին վճարեց իր պետական ողնաշարը հարուածած այդ ա-նարգ քայլին, բայց Հայաստանի վերանկախացումը եւ Հայոց Բանակի մերօրեայ մարտունակ վերականգնումը վկայ, որ ի վերջոյ յաղթանակը կը պատկանի իրաւունքին եւ արդարութեան, այլեւ՝ հերոսներու անպարտելիութեան ոգեշնչող աւան-դին։