Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Հայկական ԵրուսաղԷմի պաշտպանութիւնը համահայկական առաջնահերթութիւն է». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հունվար 23,2018 22:25

Յունուար 17-18, 2018-ին, Գահիրէի Ալ-Ազհար իսլամական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմին» ընդհանուր խորագիրով։ Համագումարին հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ համագումարին իր հետ ունենալով Թեհրանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Նկատի ունենալով յիշեալ համագումարին կարեւորութիւնը, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ, անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

1.- Հարցում. Վեհափառ Տէր, ի՞նչ էր նպատակը Երուսաղէմի հարցին շուրջ Գահիրէի մէջ մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին։

     Պատասխան. Երուսաղէմը միաստուածեան երեք կրօններու՝ հրէութեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան համար սուրբ քաղաք նկատուած է։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Երուսաղէմը քաղաքական զանազան ուժերու ենթակայ եղած է պատմութեան ընթացքին, սակայն ան կրօնական նկարագիրը միշտ պահած է։ Իսրայէլի ստեղծումէն յետոյ, Երուսաղէմը բաժնուեցաւ եւ ենթակայ դարձաւ իսրայէլեան ու յորդանանեան պետութեանց։ Քրիստոնեաներն ու իսլամները մնացին յորդանանեան բաժնին մէջ. իսկ 1967-ին, արաբ-իսրայէլեան պատերազմին, Երուսաղէմի յորդանանեան բաժինը գրաւուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, եւ Երուսաղէմը ամբողջութեամբ մնաց Իսրայէլի սահմաններէն ներս։ Երուսաղէմի պատկանելիութեան հարցը նկատուած է միջազգային համայնքին ու յատկապէս Միջին Արեւելքի կարեւոր խնդիրներէն մէկը։ Իսրայէլ միշտ շեշտած է Երուսաղէմի Իսրայէլի պատկանելիութիւնը, իսկ պաղեստինցիները՝ ստեղծուելիք պաղեստինեան պետութեան պատկանելիութիւնը. երկու կողմերն ալ Երուսաղէմը նկատած են իրենց պետութեան մայրաքաղաքը։ Նկատի ունենալով Երուսաղէմի ներկայացուցած առանցքային կարեւորութիւնը, անոր պատկանելիութեան վերջնական որոշումը ձգուած է պաղեստինեան ու իսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւններուն։ Արդարեւ, վերջին քանի մը տասնամեակներուն, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած է Երուսաղէմի հարցը, սակայն կողմերու ունեցած տարբեր պատկերացումներուն միջեւ կարելի չէ եղած միջին լուծում մը գտնել։ Ամերիկայի նախագահին շուրջ ամիս մը առաջ կատարած յայտարարութիւնը՝ Երուսաղէմը նկատելով Իսրայէլի մայրաքաղաք, բնականաբար մեծ ուրախութեամբ ողջունուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, սակայն սուր հակազդեցութիւն յառաջացուց թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ իսլամական աշխարհէն ներս։ Բողոքի ու դատապարտումի ալիքներ բարձրացան կրօնական եւ քաղաքական, իսլամ թէ քրիստոնեայ շրջանակներէն։ Ալ-Ազհարին նախաձեռնութիւնը պէտք է դիտուի այս խորքին վրայ։

2.-  Հարցում. Ինչո՞ւ Ալ-Ազհարի կողմէ առնուած է նման նախաձեռնութիւն մը։

       Պատասխան. Ինչպէս ըսինք, թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ իսլամական կեդրոնները զօրեղ կերպով հակազդեցին Ամերիկայի նախագահին այս որոշման։ Քրիստոնէական աշխարհէն ներս Վատիկանը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը, եկեղեցիներ, նաեւ արեւմտեան երկիրներու պատասխանատուներ, դատապարտեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին միակողմանի որոշումը։ Նոյն մօտեցումը ունեցան նաեւ իսլամական երկիրները։ Ալ-Ազհարը նկատուած է կարեւոր կեդրոն մը սիւննի իսլամական աշխարհէն ներս՝ իր կրօնական համալսարանով եւ կրօնաքաղաքական խնդիրներու գծով իր որդեգրած կեցուածքներով։ Հետեւաբար, բնական էր, որ ան նման նախաձեռնութեան դիմէր։

3.- Հարցում. Վեհափառ Տէր, կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ մասնակիցներուն մասին։

Պատասխան. Շուրջ երեք հարիւր մասնակիցներ ներկայ էին համագումարին։ Մասնակիցներու կարգին կը գտնուէին նախկին նախագահներ, վարչապետներ, գործող նախարարներ, հոգեւոր պետեր, միջազգային կազմակերպութիւններու վերին պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ակադեմական մարզի աչքառու ներկայացուցիչներ։ Ներկաներուն մեծամասնութիւնը իսլամ երկիրներէ եկած էր. քրիստոնէական ներկայութիւնը յարաբերաբար ծաւալուն չէր։ Երեք պատրիարքներ եւ տասնեակ մը եպիսկոպոսներ ներկայ էին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի ու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ըստ երեւոյթին, յատուկ հրաւիրեալներ միայն ներկայ էին։ Իսլամական աշխարհէն շիիթներու ներկայութիւնը խորհրդանշական էր՝ առաւելաբար քաղաքական պատճառներով։ Հրաւիրուած էին Երուսաղէմի իսլամ ու քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը։ Իսլամ կրօնական պատասխանատուներ ներկայ էին, սակայն քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր բացակայ էին։ Երուսաղէմէն եկած էին հրեայ օրթոտոքս խումբին պատկանող կրօնական ներկայացուցիչներ, որոնք խիստ քննադատութեան ենթարկեցին իսրայէլեան ներկայ իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը պաղեստինցիներուն նկատմամբ։

4.-  Հարցում. Վեհափառ Տէր, համագումարի ընթացքին տրուած զեկոյցները ու կատարուած քննարկումները ի՞նչ ձեւով ընթացան։

Պատասխան. Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարը երկու բաժիններէ բաղկացած էր։ Առաջին բաժինը բացման նիստ էր, որու ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս, Ալ-Ազհարի նախագահ Շէյխ Ահմատ Ալ-Թայյէպ, Վատիկանի ու ԵՀԽ-ի ներկայացուցիչները եւ իսլամ մի քանի պետութիւններու խորհուրդներու նախագահները։ Համագումարին երկրորդ բաժինը բաղկացած էր չորս ենթաբաժիններէ, իւրաքանչիւրը Երուսաղէմի տարբեր երեսները լուսարձակի տակ բերող։ Քննարկումներ տեղի չունեցան, այլ միայն զեկոյցներ ներկայացուեցան։ Համագումարը կը վայելէր Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն հովանաւորութիւնը։

5.- Հարցում. Վեհափառ Տէր, ի՞նչ մօտեցում որդեգրուեցաւ Երուսաղէմի գծով։

Պատասխան. Համագումարին նպատակը Երուսաղէմի պաշտպանութիւնը ըլլալով ընդդէմ Իսրայէլի քաղաքականութեան ու Ամերիկայի նախագահին յայտարարութեան, բոլոր խօսքերը բնականաբար կեդրոնացան Երուսաղէմի վրայ՝ զայն նկատելով երեք միաստուածեան կրօններու քաղաքը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքը։ Կարեւորութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ արտասանուած խօսքերը ու մօտեցումները ընդհանրապէս երկդիմի, միակողմանի ու անորոշ էին։ Այսպէս, երբեմն միացեալ Երուսաղէմը կը նկատուէր պաղեստինեան մայրաքաղաք, երբեմն միայն արեւելեան Երուսաղէմը. իսկ երբեմն՝ միացեալ Երուսաղէմի վրայ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան միացեալ հովանաւորութեան մասին կը խօսուէր։ Իսկ կրօնական գետնի վրայ յատուկ կերպով կը շեշտուէր Երուսաղէմի քրիստոնէական, իսլամական ու արաբական նկարագիրը։ Նաեւ տեսակէտներու տարբերութիւն կար Երուսաղէմ այցելութեան հարցին շուրջ. այսպէս, Պաղեստինի նախագահը յաճախակի կերպով շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է Երուսաղէմ այցելել եւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպել, պատգամ մը տալու Իսրայէլին եւ համայն աշխարհին, թէ Երուսաղէմը միայն Իսրայէլին չի պատկանիր, եւ թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին որոշումը մեզ հեռու չի կրնար պահել Երուսաղէմէն։ Ներկաներէն ոմանց մօտ նաեւ կար այլ մօտեցում. հարկ է կեցուածք ճշդել Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող բոլոր փորձերում դէմ՝ մերժելով Երուսաղէմ երթալ։ Այս շփոթը, աւելի ճիշդը հակասական տեսակէտները հետեւանք են ընդհանրապէս իսլամական ու յատկապէս արաբական աշխարհին պարզած ներքին պառակտումներուն ու բաժանումներուն։

6.- Հարցում. Վեհափառ Տէր, որքանո՞վ զօրեղ էր քրիստոնէութեան ձայնը համագումարէն ներս։

Պատասխան. Ճիշդ է, որ թուային իմաստով քրիստոնեայ ներկայացուցները քիչ էին, սակայն քրիստոնէական ձայնը զօրեղ կերպով արձագանգեց համագումարի բոլոր նիստերուն։ Նախ երեք հոգեւոր պետերը՝ ղպտի, մարոնիթ եւ Մենք, մեր խօսքերուն մէջ շեշտակիօրէն անդրադարձանք Երուսաղէմի քրիստոնէական նկարագրին, քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ իրաւունքներուն։ Այս գծով նաեւ յաճախակի ակնարկութիւններ եղան իսլամներուն կողմէ՝ Պաղեստինի նախագահէն սկսեալ։ Մեր զեկոյցին մէջ բաժին մը յատկացուցած էինք Երուսաղէմէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան։ Կը խորհինք, որ այս ուղղութեամբ աւելի հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանք պէտք է կատարուի քրիստոնէական կեդրոններուն ու յատկապէս Վատիկանի, ԵՀԽ-ի եւ միջ-եկեղեցական կառոյցներու կողմէ։ Յայտնենք, որ Մեր մատնանշած հարցերուն ու երեւոյթներուն մասին նաեւ անդրադարձանք Մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին։

7.- Հարցում. Վեհափառ Տէր, իմացանք որ դուք ձեր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձած էք հայ եկեղեցւոյ ներկայութեան Երուսաղէմի մէջ։

Պատասխան. Բնականաբար, մեր եկեղեցւոյ մասին պէտք էր արտայայտուէինք նման միջազգային համագումարէն ներս։ Մեր մասնակցութեան առաջին ու հիմնական նպատակը այս էր։ Չմոռնանք, որ մեր եկեղեցին 638 թուականէն սկսեալ ներկայութիւն եղած է Երուսաղէմէն ներս. ունեցած ենք եպիսկոպոս, եկեղեցիներ ու ուխտատեղիներ, ինչպէս նաեւ՝ համայնք։ 1311-ին Երուսաղէմի Հայոց Եպիսկոպոսը Եգիպտոսի սուլթանին կողմէ ճանչցուած է որպէս պատրիարք, իսկ 1853-ին Օսմանեան կայսրութիւնը յոյն եւ լատին պատրիարքութիւններու կարգին հայ եկեղեցւոյ նաեւ լայն իրաւասութիւն տուած է սրբատեղիներու գծով։ Երուսաղէմի մէջ ունեցած ենք կազմակերպ համայնք՝ իր կրթական, մշակութային ու համայնքային կառոյցներով։ Դժբախտաբար, քաղաքական պայմաններու բերումով մեր համայնքի զաւակներէն շատեր հեռացան Երուսաղէմէն։ Համագումարի Մեր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցինք Երուսաղէմին նաեւ հայկական նկարագիրը, մեր իրաւունքները եւ մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը Երուսաղէմին։

8.- Հարցում. Մեր ժողովուրդը ու եկեղեցին, Վեհափառ Տէր, ինչպէ՞ս կրնան Երուսաղէմի գծով իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտել։

Պատասխան. Ինչպէս գիտէք, Երուսաղէմը մեր Նուիրապետական չորս Աթոռներէն մէկն է. ան հայ եկեղեցւոյ անքակտելի մասը կը կազմէ։ Մեր եկեղեցին ազգային եկեղեցի ըլլալով՝ մեր ազգը իր եկեղեցիով ու հայրենիքով անհրաժեշտ է որ յատուկ հոգածութիւն շարունակէ ցուցաբերել Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան նկատմամբ։ Քաղաքական պայմաններու բերումով Երուսաղէմը որոշ իմաստով մեկուսացած է։ Ստեղծուած ներկայ կացութիւնը կրնայ նոր դժուարութիւններ յառաջացնել քաղաքէն ու ընդհանրապէս շրջանէն ներս։ Հետեւաբար, հայկական Երուսաղէմի պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ համահայկական առաջնահերթութիւն։ Զանազան առիթներով թէ՛ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ թէ Հայաստանի պետութիւնը տարբեր կերպերով իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են Երուսաղէմի Պատրիարքութեան։ Մեծապէս գնահատելի է, հակառակ դժուարութիւններուն, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան ամուր կապուածութիւնը ու հաւատարմութիւնը մեր սրբատեղիներու առնչուած դարաւոր աւանդութիւններուն ու իրաւունքներուն։ Արդ, հարկ է պաշտպանել ու առաւել ամրապնդել հայկական ներկայութիւնը Երուսաղէմէն ներս։ Կրօնականին առընթեր, հայկական ներկայութիւնը Երուսաղէմէն ներս քաղաքական որոշակի նշանակութիւն ունի։ Երուսաղէմի մէջ գտնուող եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը պետական-քաղաքական յենարաններ ունի. այսպէս, Լատին Պատրիարքութիւնը՝ Վատիկանը, Յոյն Պատրիարքութիւնը՝ Յունաստանը եւ Կիպրոսը, Ղպտի եկեղեցին՝ Եգիպտոսը, Լուտերական եկեղեցին՝ Գերմանիան, Անկլիքան եկեղեցին՝ Անգլիան, Ռուս եկեղեցին՝ Ռուսաստանը։ Անհրաժեշտութեան պարագային այս երկիրները կը միջամտեն Իսրայէլի, Պաղեստինի կամ Յորդանանի պատասխանատուներուն մօտ։ Յիշեալ երկիրները պէտք է գիտնան, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը առանձին չէ, իրեն նեցուկ ու պաշտպան ունի Հայաստանի պետութիւնը, հայ եկեղեցին ու ողջ Սփիւռքը։ Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, որ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը՝ իր համայնքով, իր կառոյցներով, կալուածներով ու իրաւասութիւններով պաշտպանելու նպատակով, համահայկական տարողութեամբ մնայուն յանձնախումբ մը յառաջացնել՝ Հայաստանի պետութեան եւ մեր եկեղեցւոյ ու կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ, բնականաբար Երուսաղէմի Պատրիարքին հետ խորհրդակցաբար։ Նման նախաձեռնութիւն մը կարեւոր յենարան ու լծակ կրնայ հանդիսանալ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան՝ դուրս գալու իր ինքնամփոփ վիճակէն եւ աւելի ինքնավստահութեամբ յարաբերութիւն մշակելու իր շրջապատին հետ։ Կը խորհինք, թէ յառաջիկային ստեղծուելիք համազգային խորհուրդը պէտք է նման համահայկական բնոյթ ունեցող հարցերով զբաղի։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031